Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ քանատահայ 17ամեայ աշակերտուհի մը՝ Անիա Փողարեան, ստեղծած է սարք մը, որ կրնայ յեղափոխութիւն յառաջացնել բժշկութեան մարզին մէջ եւ ամբողջովին փոխել արիւնը մաքրելու (տայալիսիս) գործընթացը։ Անիա, որ երկրորդական բաժինի աշակերտ է, մշակած է արիւնը մաքրող սարքի նախատիպ մը, զոր կարելի է գործածել նաեւ տան մէջ։ Այդ սարքը կ՛արժէ միայն 500 տոլար, մինչ արիւնը մաքրող սովորական սարքերը կ՛արժեն նուազագոյնը 30 հազար տոլար։

Սարքը ստեղծելու գաղափարը ծնած է այն ժամանակ, երբ Անիա Փողարեան դպրոցական ծրագիրով մը կամաւորաբար կ՛աշխատէր քանատական հիւանդանոցներէն մէկուն արեան մաքրութեան բաժինին մէջ։ Երբ դպրոցին մէջ իրեն յանձնարարած են մշակել գիտական նախագիծ մը, ան որոշած է աշխատիլ արիւնը մաքրող նոր սարքի մը ստեղծման ուղղութեամբ։ Անիա իր գիւտին տրամադրած է մօտաւորապէս 300 ժամ։

Ասիկա արուեստականօրէն արիւնը մաքրելու բժշկական գործընթացն է։ Արեան մաքրութիւնը արուեստական պայմաններու մէջ կը կատարէ այն նոյն աշխատանքը, զոր կը կատարէ առողջ երիկամ մը. արիւնը կ՛առնէ մարմինէն, կը մաքրէ ու կը վերադարձնէ։ Գործընթացը կը կատարուի հիւանդանոցներուն մէջ, շաբաթական երեք անգամ՝ 3-4 ժամ տեւողութեամբ։

Անիա Փողարեան պատմած է, որ իր նախագիծով փափաքած է դիւրացնել արեան մաքրութեան կարիք ունեցող հիւանդներուն կեանքը։ «Ես ուզեցի, որ այդ հիւանդները չստիպուին ամէն անգամ հիւանդանոց երթալ, քանի որ ատիկա լուրջ հարց է բազմաթիւ հիւանդներու համար։ Դիւրին չէ շաբաթը երեք անգամ հիւանդանոց երթալ, յատկապէս եթէ հիւանդը տեղափոխուելու հարցեր ունի», ըսած է ան։

Կը հաղորդուի, որ Փողարեան արդէն բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, իսկ քանատական հիւանդանոց մը զայն հրաւիրած է ամառնային վերապատրաստութեան դասընթացքի, որուն ընթացքին փորձարկութեան պիտի դրուի անոր գիւտը։