Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (ՀԿՀ) Մարտ 23-ին հաստատած է իր նոր` Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի անուան ցեղասպանագիտութեան կրթաթոշակը: ՀԿՀ-ն այս կրթաթոշակը յայտարարած է փրոֆէսոր Յովհաննիսեանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ անձնական մեծ ներդրումը ճանչնալու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ panarmenian.net-ը:

Անիկա նախատեսուած է հայ տաղանդաւոր երիտասարդ գիտնականներու համար, որոնք նպատակ ունին Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումնասիրել ցեղասպանութեան վերաբերող միջառարկայական հիմնախնդիրները` մասնագիտանալով այդ ոճրագործութեան ժխտման տնտեսական, ընկերա-ժողովրդագրական, մշակութային, իրաւական եւ քաղաքական երեւոյթին, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին վրայ անոր ունեցած բացասական ազդեցութեան:

«Մարդու իրաւունքներու ամենասոսկալի ոտնահարման ձեւ հանդիսացող ցեղասպանութեան գիտահետազօտական ուսումնասիրութիւնը կրնայ մեծապէս օժանդակել այս երեւոյթի յառաջացման պայմաններուն ու անոնց յաջորդող մասսայական բռնութիւններու ընկալման` յառաջարկելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման մարտավարութիւններ ու միջոցառումներ»,- կը նշուի կրթաթոշակայի յանձնախումբի անդամ Նուարդ Մանասեան:

Անոր խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութեան պարագային հարկ է մշակել եւ իրականացնել միջառարկայական հետազօտութիւններ, որոնք թոյլ կու տան ճիշդ գնահատել հայ ազգին վրայ այս ոճրագործութեան յառաջացուցած ժողովրդագրական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային բացասական, յաճախ նաեւ անդառնալի ազդեցութիւնը  ըստ այդմ նաեւ գնահատել հատուցման ձեւաչափն ու ծաւալը:

Այս կրթաթոշակը հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ ուսումնասիրելու ամբողջ ազգի մը պատկանող ժառանգութեան լայն շրջանակը, ինչպէս նաեւ գնահատելով հատուցման ձեւաչափն ու ծաւալը, որուն արդիւնքները պիտի հարստացնեն պետական, դիւանագիտական ու հանրային հարթակներու վրայ բանավէճի խորացումը: Հետաքրքրուած անհատներն ու կազմակերպութիւնները կրնան կրթաթոշակի պայմաններուն մասին լրացուցիչ տեղեկանալ` այցելելով ՀԿՀ կրթաթոշակային ծրագրի կայքէջ:

Ռիչըրտ Յովհաննիսեան ծնած է Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքի մը մէջ եւ իր պատմագիտական կրթութեան յաջորդած ամբողջ շրջանին ուսումնասիրած է Հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւնը: Իր աշխատանքներուն մեծ բաժինը նուիրուած է Ցեղասպանութեան եւ Առաջին Հանրապետութեան ուսումնասիրութեան:

1986-ին Ռ. Յովհաննիսեան նշանակուած է ՀԿՀ-ի կողմէ հովանաւորուած եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ նոր հիմնադրուած ժամանակակից հայոց պատմութեան ամբիոնի վարիչ: Ան Կուկենհայմի անուան մրցանակակիր է, որ ան ստացած է իր բացառիկ հետազօտութիւններուն համար եւ ատով իսկ իր աւանդը ունեցած է հայագիտութեան յառաջխաղացման: Ան մինչեւ օրս կը հանդիսանայ շարք մը գիտական եւ քաղաքացիական կառոյցներու տնօրէններու խորհուրդի անդամ: 2010-11 թուականներուն Ռ. Յովհաննիսեան արժանացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի շրջանաւարտներու ընկերակցութեան «Լաւագոյն դասախօս» մրցանակին:

Այլ նախաձեռնութիւններու շարքին Հայ կրթական հիմնարկութիւնը ձեռք մեկնած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ ապրող ուսանողներու: Այդ աջակցութիւնը հիմնականօրէն հնարաւոր դարձած է տարբեր կրթաթոշակային գումարներու միջոցով, որոնք տնօրինուած են կամաւորական հիմունքներով: Հիմնադրամը ստեղծուած է 1950-ին եւ վերջինիս հիմնական նպատակը եղած է աջակցիլ հայկական կրթական հաստատութիւններուն, աջակցիլ աշխարհի տարբեր համալսարաններուն մէջ ընդգրկուած ազգութեամբ հայ (նաեւ մասամբ) ուսանողներուն եւ հիմնադրել հայկական կրթական ու մշակութային հաստատութիւններ եւ աջակցիլ վերջիններուս: