Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Հարաւային Քոնեքթիքաթի մէջ փիլիսոփայութեան փրոֆէսըր Արմէն Մարսուպեան Սեպտեմբեր 15-ին «Յիշողութիւն, յիշողութեան եւ վկայութիւններու յաւերժացում. Հայոց Ցեղասպանութեան վիճարկուող յիշողութիւնը այժմեան Թուրքիոյ մէջ» թեմայով դասախօսութիւն պիտի ներկայացնէ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը` վկայակոչելով «Massis Post»-ը:

Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Հայկական հետազօտութիւններու ծրագիրի` դասախօսութիւններու շարքի ծիրին մէջ: Փրոֆէսըրը պիտի պատմէ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  յիշողութիւններու պահպանման ուղղուած իր նախագիծին մասին: Նախագիծը կը ներառէ լուսանկարչական ցուցահանդէսներ Թուրքիոյ մէջ, երկու գիրքի ներկայացում, Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իր մօր ընտանիքի եւ Տիլտիլեաններու պատմութեան մասին յիշատակի կայքերու ստեղծում:

Դասախօսութեան ընթացքին Մարսուպեան նաեւ պիտի վերլուծէ հաւաքական յիշողութեան յաւերժացման դերը, յատկապէս` ցեղասպանութեան ժխտման իրավիճակին մէջ: