Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

ԳերմանիոիՀեսսենի երկրամասին մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պրայան Սթիվըն Ֆերայի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ՝ Երեւան ժամանած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան 12 քաղաքներու քաղաքապետներէ կազմուած ֆութպոլի հաւաքականը, որ ընկերական հանդիպում պիտի ունենայ Երեւանի քաղաքապետարանի խումբին հետ:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Դաւիթ Օհանեանի ուղեկցութեամբ քաղաքապետները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ, այնուհետեւ այցելած Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած են փաստագրական ցուցադրութեան, ապա գրառում կատարած պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: