Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Պելճիքական «Լիպրէ» թերթին հետ հարցազրոցի մը ընթացքին, Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշել, պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր դիրքորոշման մասին հարցումին՝ յայտարարած է. «Մեր դիրքորոշումը միշտ յստակ եղած է: Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած է: Այդ հարցով երկու կարծիք կարելի չէ ունենալ»:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998ին ճանաչած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նշենք նաեւ, որ վերջերս Պելճիքացի ծագումով թուրք որոշ պատգամաւորներու հետ վիճաբանութիւն յառաջացած էր, քանի որ անոնք խորհրդարանին մէջ հրաժարած էին մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: