Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, արտասանուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ընթացքին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 23 Ապրիլ, 2015-ին։

 

«Որք զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյն վանեցիք զպատերազմն չարին» (Ժամագիրք էջ 165)։

Հայ եկեղեցին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ սուրբերը, որպէս Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ լեցուած՝ չարը յաղթող ու քրիստոնէական ճշմարտութիւններու յաւերժացման համար իրենց անձերը ընծայաբերող վկաներ։

Այսպէ՛ս եղած են սուրբերը եկեղեցւոյ համայնական կեանքին մէջ։

Սուրբերը մեր կեանքը աստուածային ճշմարտութիւններով պայծառակերպող, մեր առջեւ երկնային դռները բացող եւ մեզ դէպի քրիստոսակեդրոն «ճանապարհ, ճշմարտութիւն ու կեանք» (Յովհ. 14. 6) առաջնորդող աստուածազգեաց անձեր են։

Սուրբերը աստուածային սրբութեան ճառագայթներն են՝ մեր կեանքի ապականութեան դիմաց. երկնային լոյսին ցոլքերն են՝ մեր կեանքի խաւարին դիմաց. երկրէն երկինք բարձրացնող կամուրջ են՝ մեզ երկինքէն հեռացնող հոսանքներուն դիմաց։

Սուրբերը Սուրբ Հոգիով հզօրացած մեր կեանքի չարերուն ու չարիքներուն դիմաց, շարականին բառերով, «վահան ամրութեան» են՝ «ընդդէմ անօրէն թշնամւոյն»։

Իրենց սրբակենցաղ կեանքով սուրբերը մեզ կը մղեն երկինքը ապրելու երկրի վրայ, Բեթղեհէմէն ճառագայթող արժէքներով շաղախելու մեր կեանքը, զՔրիստոս դաւանելու մեր կեանքի ճշմարիտ ճանապարհը ու Քրիստոսի Աւետարանը միակ ճշմարտութիւնը՝ աշխարհին հրամցուցած բոլոր տեսակի «ճշմարտութիւններուն» դիմաց։

Իրենց հաւատքի վկայութեամբ ու արեան նահատակութեամբ եւ որպէս միջնորդներ ու բարեխօսներ Քրիստոսի մօտ, սուրբերը մեզ կը հրաւիրեն մեր աստուածատուր կոչումը իրագործելու այս երկրի վրայ՝ որպէս դեսպանները Աստուծոյ Որդւոյն։

Արդ, առանց սուրբերու սրբացնող ներկայութեան, աննպատա՛կ է մեր կեանքը։ Առանց սուրբերու ոգեշնչող զօրութեան, աղքա՛տ է մեր կեանքը։

Այսպէս եղան սուրբերը նա՛եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Նայեցէ՛ք մեր պատմութեան։

Մեր սուրբերը լոկ ժողովական որոշումով ու կանոնական գործընթացով չսրբացան։ Մեր սուրբերը իրենց սրբակենցաղ կեանքով մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ու մեր ժողովուրդին կողմէ սուրբ նկատուեցան եւ ապա միայն՝ եկեղեցւոյ իշխանութեան կողմէ։

Մեր սուրբերը սոսկ ծէս ու պատկեր չեղան, պատմութիւն ու յիշատակ չդարձան։ Իրենց հաւատքի վկայութեամբ մեր սուրբերը գոյութենական ու ներզօր ներկայութիւն դարձան իւրաքանչիւր հայու մեր ազգի կեանքին մէջ։

Նո՛յնն է պարագան Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։

Հարիւր տարիներ շարունակ մեր նահատակները սրբացնող, հզօրացնող ու կենսաւորող ներուժ դարձան իւրաքանչիւր հայուն եւ ողջ հայութեան կեանքին մէջ։ Իրենց արեան վկայութեամբ մեր հաւատքը ամրացուցին. գերագոյն արժէքներու ու վեհ երազներու համար ապրելու ու պայքարելու մեր կամքը կռանեցին։ Հող ու ինչք կորսնցուցած եւ որբ ու գաղթական դարձած մեր ժողովուրդին գոյատեւելու եւ իր իրաւունքներուն վերատիրանալու յոյսը արծարծ պահեցին։

Սա պահուն, իր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով իր կեանքը թրծած ու սուրբերու աղօթքներով իր առաքելութիւնը կենսաւորած մեր եկեղեցին ՍՈՒՐԲ կը հռչակէ «վասն հաւատոյ ու հայրենեաց» իրենց անձերը զոհաբերած Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակները։

Արդ, ուրախ լե՛ր սուրբ եկեղեցի, որովհետեւ քու սուրբերու երկար շղթային կու գան միանալու մեր հոգեւոր արժէքներու ու ազգային իտէալներու յաւերժացման համար իրենց անձերը որպէս կենդանի պատարագ մատուցած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները։

Ուրախ լե՛ր ժողովուրդ հայոց, որովհետեւ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ եւ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ ցեղասպան թուրքի եաթաղանին զոհ գացած սիրելի զաւակներդ այսօր կը միանան նահատակներու, վկաներու ու սուրբերու երկնային փաղանգին։

Ու մի՛շտ յիշէ ժողովուրդ հայոց, որ՝

Մեր նահատակները, Սուրբ Հոգիով զօրացած եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներով ոգեղինացած, յաղթեցին «զպատերազմն չարին», որպէսզի մենք, իրենց զաւակները, յաղթենք նոր ժամանակներու «զպատերազմն չարին»։

Մեր նահատակները «իմացեա՛լ մահ»ով մեռան, որպէսզի մենք հաւատքի՛ կեանքով ապրինք, գործենք ու ստեղծագործենք։

Մեր նահատակները մեր ազգի գերագոյն իտէալներուն համար իրենց արիւնը թափեցին, որպէսզի մենք նո՛յն տեսիլքով ու յանձնառութեամբ պայքարինք։

Հարիւր տարիներ, ժողովո՛ւրդ հայոց, յիշեցիր քու նահատակներդ ու հաւատարիմ մնացիր անոնց նուիրական կտակին։ Պատի՜ւ ու յարգա՜նք քեզի։ Միշտ յիշէ սրբացած նահատակներդ, որովհետեւ անոնց արիւնը աւիշը պիտի դառնայ քու զօրութեանդ ու երաշխիքը՝ քու յաղթանակիդ։ Միշտ յիշէ՛ նահատակներդ ու միաժամանակ յիշեցո՛ւր աշխարհին, որ անոնք անցեալին չեն պատկանիր, սոսկ պատմութիւն ու յիշատակ չեն, այլ կ’ապրին իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ՝ իրենց խոր հաւատքով, աննուաճ ոգիով ու անկատար տենչերով։

Մեր նահատակները կ’ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս «անլռելի զանգակատուն»՝ ի խնդիր մեր բռնաբարուած արդար իրաւունքներու ձեռքբերման մեզ պայքարի մղող։

Մեր նահատակները կ’ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս կամքի դարբնոց՝ մեր պահանջատիրական կամքը կռանող։

Մեր նահատակները կ’ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս յուսատու աղբիւր՝ մեր քրիստոնէական յոյսը ամրապնդող։

Մեր նահատակները կ’ապրին մեր կեանքին մէջ որպէս «մարտիրոսք երանեալք... որք զլոյսն կենաց զգեցեալ ունին»՝ մեր կեանքի ճամբան երկնային կենարար լոյսով լուսազարդող։

Արդ, սուրբեր հայ եկեղեցւոյ, սա պահուն, աշխարհացրիւ հայութիւնը կը վերանորոգէ իր ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու ձեր սրբազան կտակին եւ հաւատքին ու հայրենիքին համար պայքարելու ու նոյնիսկ արիւն թափելու ձեր յանձնառութեան։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին աղօթասաց բառերով՝ «Ո՜վ պանծալի նահատակներ, երկնաւոր Հօրը սիրելիներ, որ Քրիստոսի հետ մկրտուեցաք ձեր արիւնով, խաչի մահը յանձն առնելով։ Տիրոջ քով բարեխօսեցէ՛ք եկեղեցւոյ զաւակներուս համար»։

Առաջնորդեցէ՛ք մեզ «առաջնորդք կենացն յաւիտենից, ո՜վ սուրբ վկայք» դէպի աղբիւրը երկնային լոյսին ու յաւիտենական կեանքին։

Եղէ՛ք պահապան ու պաշտպան «նահատակք եւ վկայք Քրիստոսի» մեր ազգին ու հայրենիքին։

 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
23 Ապրիլ 2015
Անթիլիաս