Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

4 փետրուար 2015-ին Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարան–Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանը` Եւրոպական խորհրդարանի մայիս 2014-ի ընտրութիւններէն սկսեալ` ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ:

Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր յունուար 2013-ին. անոր յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն օրերուն Հայաստանի Ազգային ժողովի օրուան նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Հայաստանէն մեծ թիւով պատգամաւորներ:

Երէկուան վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին բարեկամութեան խումբի նախագահ վերահաստատուեցաւ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), իսկ փոխնախագահներ հաստատուեցան դոկտ. Չարլզ Թանոք (Անգլիա, Եւրոպայի պահպանողականներու եւ բարեփոխումներու խմբակցութիւն), Ֆրանք Էնկել (Լիւքսամպուրկ, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն – քրիստոնեայ դեմոկրատ խմբակցութիւն), Միշել Ռիվազի (Ֆրանսա, Կանաչներ – Եւրոպայի ազատ դաշինք խմբակցութիւն) եւ Միլթիատիս Քիրքոս (Յունաստան, Ընկերվար դեմոկրատ յառաջդիմական դաշինք խմբակցութիւն):

Դոկտ. Թէոխարուս իր ողջոյնի խօսքին ընթացքին ներկայացուց խումբի առաքելութիւնը եւ կարեւորութիւնը, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընթացքին: Ան կարեւոր նկատեց Արցախի հիմնահարցի, հայկական դարաւոր մշակոյթի եւ պատմութեան ներկայացումը եւրոպական քաղաքական շրջանակներուն եւ հասարակութեան, ինչպէս նաեւ խումբին ունենալիք ներդրումը` Հայաստանին դէպի Եւրոպա մերձեցման: Կարեւորութեամբ շեշտեց, որ բարեկամութեան խումբը աշխատանք պիտի տանի ընդլայնելու իր անդամներուն թիւը` կոչ ուղղելով եւրոպացի երեսփոխաններուն` միանալու բարեկամութեան խումբին:

Ապա, իր հերթին, խօսք առաւ Եւրոպական Միութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան. ան իր երախտիքը յայտնեց դոկտ. Թէոխարուսին եւ խումբին մասնակից եւրոպացի երեսփոխաններուն: Դեսպան Մարգարեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութեան դրական նոր տեղաշարժներուն եւ ակնկալուած դրական արդիւնքներուն մասին: Յայտարարեց նաեւ,  որ բանակցութիւնները լաւ ընթացքի մէջ են` նշելով Եւրոպական Միութեան պատասխանատու յանձնակատարին յայտարարութիւնը, թէ Հայաստանը յառաջիկային կրնայ ունենալ նոր համաձայնագիր մը Եւրոպական Միութեան հետ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի գոյութեան կարեւորութիւնը, որ իր գործունէութեամբ կրնայ աւելի լաւ եւ ճիշդ կերպով կատարել Եւրոպական Միութեան կողմէ ընկալումը Հայաստանի դիմագրաւած հիմնահարցերուն, անդրադառնալով նաեւ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ վարած ժխտողական քաղաքականութեան: Ան վստահեցուց խումբի անդամներուն եւ ներկաներուն, թէ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը ամբողջական կերպով զօրավիգ պիտի կանգնի խումբին աշխատանքներուն:

Բարեկամութեան խումբի քարտուղար կը շարունակէ հանդիսանալ Եւրոպական խորհրդարանի աշխատակից Արմէն Անտոնեան:

Վերակազմութեան արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ եւրոպացի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը ապրիլ 24-ին պիտի այցելէ Հայաստան` ներկայ գտնուելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Բարեկամութեան խումբը իր առաջին նիստին ընթացքին պիտի մշակէ յաջորդ քառամեակին իր գործունէութեան ծրագիրը: