Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան այս շաբաթ աշխատանքային այցով գտնուած է Տիգրանակերտ, ականատես դառնալով Թուրքիոյ բանակին կողմէ քիւրտերու վրայ յարձակումներուն պատճառած հսկայ վնասներուն:

«Ակօս» թերթը կը գրէ, որ Տողան յայտնած է, թէ շրջանին տնտեսութիւնը կործանումի եզրին հասած է, եւ թէ ինք չէ կրցած մօտենալ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ, որովհետեւ պատմական Սուր թաղամաս մուտքը արգիլուած է։ Սակայն, հայ պատգամաւորը կրցած է որոշ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջոցով:

«Տեսայ եկեղեցւոյ ներկայ վիճակը պատկերող վերջին լուսանկարը: Եկեղեցւոյ շրջակայքը գետնին հաւասարեցուած է: Եկեղեցւոյ ներսի մասը եւս վնասուած է: Միայն Սուրբ Կիրակոսը չէ, այլ Սուրի բոլոր պատմական կոթողները վնասներ կրած են», ըսած է Տողան: