Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ֆինանսական միջոցներէ զրկուած, անելանելի վիճակի մէջ գտնուող  մօտ 550  հալէպահայ կը սպասէ իր հերթին` վայրկեան առաջ հեռանալու ռմբակոծուող Հալէպէն:  «Հալէպ հայրենակցական բարեսիրական» կազմակերպութեան անդամները դրամահաւաք նախաձեռնած են, ամէն օր կը սպասեն բարերարներու նուիրատուութիւններուն, որպէսզի կարենան հայրենակիցները ապահով կերպով Երեւան տեղափոխել:

Հալէպի մէջ գտնուող մեր հայրենակիցները նախ կը հատեն Սուրիոյ սահմանը, կը հասնին Լիբանան, այնտեղէն ալ` Երեւան: Հայաստան հասնելու համար մէկ մարդու ճանապարհածախսը կը կազմէ մօտ 500 տոլար:

Կազմակերպութեան համահիմնադիր Անի Բալխեան Panorama.am-ին ըսած է, որ հերթագրուած մարդոց մեծ մասը երեխաներ են, պատանիներ, այրիացած կանայք: Վերջին օրերուն Հալէպի մէջ սասկացած ռազմական գործողութիւններու ընթացքին կազմակերպութեան միջոցներով 25 հալէպահայ տեղափոխուած է Հայաստան: Հալէպէն մեծ հոսք սկսած է նաեւ Սուրիոյ ծովափնեայ բնակավայրեր, որոնք այս պահուն աւելի անվտագ ու ապահով են:

«Մենք կը սպասնք բարերարներու նուիրատուութիւններուն: Հիմա բարերարներ գտնելը շատ դժուար է: Մինչեւ հիմա սիրահայերուն աջակցութեան ձեռք մեկնած են ոչ միայն հայեր, այլեւ տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ»,-ըսած է կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:

Հերթագրուածներուն առաջին խումբը յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի հասնի: Սուրիոյ մէջ պատերազմը սկսելէն ի վեր 220 հոգի կազմակերպութեան օգնութեամբ Երեւան եկած է:

Կազմակերպութեան անդամները կը շեշտեն, որ այս օգնութիւնը չ՛ենթադրեր համայնքի պարպում, քանի որ տեղի չ՛ունենար զանգուածային տեղափոխում: Այս կոչը կը վերաբերի միայն այն հալէպահայերուն, որոնք նիւթական պատճառներով չեն կրնար Լիբանանէն տեղափոխուիլ Հայաստան:

Հալէպի հայաբնակ թաղամասերու ռմբակոծումը խստօրէն դատապարտած էր ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը: Շրջափակման մէջ գտնուող քաղաքին մէջ գործող միութիւնները կոչով դիմած են աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան` խնդրելով օգնել յուղարկաւորելու զոհերը: