Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական յատուկ պատգամով 2019 տարին կը հռչակէ «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»։

 Արդարեւ, 2003-էն սկսեալ, իւրաքանչիւր տարի մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող երեւոյթի մը կամ արժէքի մը նուիրելու Վեհափառ Հայրապետին որոշումը մեր ժողովուրդին մօտ լայն արձագանգ գտաւ. ան առիթ հանդիսացաւ տուեալ տարուան նիւթին մասին խօսելու, գրելու, քննարկումներ կատարելու, եւ զանազան այլ միջոցներով զայն մեր անձնական թէ համայնական կեանքի լուսարձակին տակ բերելու։

 Նկատի ունենալով հայ մամուլին առանցքային դերը մեր ազգային կեանքէն ներս, վստահ ենք, որ նո՛յն լրջութեամբ եւ զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով վերարժեւորումի պիտի ենթարկուի հայ մամուլին դերը ու մանաւանդ՝ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Վեհափառ Հայրապետին 2019-ն «Հայ Մամուլի Տարի» հռչակման պատգամը պիտի ընթերցուի եկեղեցիներէն ներս, 2019-ի Յունուարի կէսերուն, եւ բնականաբար, լոյս պիտի տեսնէ հայ մամուլի մէջ։

 Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումար մը տեղի պիտի ունենայ 2019 Ապրիլին Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։