Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին “The Armenian Church” հատորին պարսկերէն թարգմանութիւնը՝ «كليساى ارمنى» (Հայ Եկեղեցին)՝ թարգմանութեամբ՝ Վեր. Միշել Աղամալեանի։ Գործը նախաձեռնած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը, իսկ մեկենասութիւնը ստանձնած է Տ. եւ Տիկ. Ասպետ Հայկազ Թահմազեանը։

Յայտնենք, որ յիշեալ գիրքին գերմաներէն, արաբերէն ու ռուսերէն թարգմանութիւնները եւս գրեթէ հասած են իրենց աւարտին։ Գիրքը այսօրուան երիտասարդութեան հետաքրքրական ու համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, դաւանանքը, նուիրապետական կառոյցը, ծէսը եւ անոր կեանքին ու առաքելութեան առնչուած յատկանշական երեսները։