Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ իշխանութիւններուն նորագոյն քայլերուն՝ գրելով. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է հանել Իտալիոյ, Ֆրանսայի ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու խորհրդարաններէն, եւ պէտք է զայն արծարծման նիւթ դարձնել այն երկրին մէջ, ուր տեղի ունեցած է այդ մեծ յանցագործութիւնը, այսինքն՝ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ»:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, 10 Ապրիլին ստորագրեց հրամանագիր մը՝ Ապրիլ 24ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարելու մասին:

Նոյն օրը, Իտալիոյ  խորհրդարանը վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Թուրքիոյ կառավարութեան՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Յայտնենք, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Մարգար Եսայեան նոյնպէս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Իտալիոյ խորհրդարանի որոշումին եւ Ֆրանսիայի նախագահի հրամանագիրին եւ, ի տարբերութիւն Փայլանի արձագանգին՝ խստօրէն դատապարտեց նման քայլերը, կրկնելով Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը։ Ան նաեւ բաւարարուեցաւ «աքսոր» որակելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը։