Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Թուրքիոյ քրտամէտ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է թրքական դատարանի այն որոշման, որմով երկարաձգուած էր ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսընի կալանաւորման ժամկէտը։

Ամերիկացի հոգեւորականը կը մեղադրուի լրտեսութեան եւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող կառոյցներու հետ կապեր ունենալու մէջ։

Դատարանի որոշման մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Փայլան Twitter-ի իր էջին մէջ գրած է.

«Կ՝ըսուէր, թէ մէկ հոգեւորականը տուր, միւսը վերցուր: Բայց Պրանսընը, որ Էրտողանի խոստովանութեամբ պատանդ կը պահուի, այդպէս ալ ազատ չարձակուեցաւ։

Էրտողանը, որ կարծած է, թէ Տենիզ Իւճելի (Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած գերմանացի լրագրող) միջոցով ծունկի բերաւ Գերմանիան, կը շարունակէ պատանդ պահելու իր քաղաքականութիւնը։

Մենք պէտք է ամօթ զգանք, որ նախագահական պալատը հոգեւորականը կ՝օգտագործէ աղտոտ գործարքներու մէջ»:

Տեղեկացնենք, որ Թուրքիոյ մէջ խօսակցութիւններ շրջանառուած են, թէ Պրանսընը ազատ արձակելու դիմաց, ԱՄՆ-ն պէտք է Թուրքիոյ յանձնէ իսլամի քարոզիչ, ամերիկաբնակ միլիառատէր, գիւլենական շարժման առաջնորդ Ֆեթուլլահ Գիւլենը։ Վերջինս Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ կը մեղադրուի 2016 Յուլիս 15-ի ռազմական յեղաշրջման փորձը նախաձեռնելու մէջ։