Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

«Ֆրանսական Ալֆորվիլ քաղաքը չենթարկւիր ճնշումներու: Նոյեմբեր 19-ին հայկական մեծ համայնք ունեցող բնակավայրը բարեկամութեան հռչակագիր պիտի ստորագրէ Բերձորի հետ` ամրապնդելով իր երկարատեւ բարեկամութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ»,- կը տեղեկացնէ Parizen պարբերականը:

Քաղաքապետ Կերչինովեց յայտարարած է, որ, ցաւօք, արտաքին գործոց նախարարութիւնը թոյլտւութիւն չէ տւած Արցախի որոշ ներկայացուցիչներու մուտք գործել երկիր` մասնակցելու համար այդ արարողութեան:

 «Ես խոր ցաւ կապրիմ, որ պետական մարմինները այս փուլին կը խոչընդոտեն բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներու միջեւ»,- «Ապարաժ»-ը փոխանցմամբ՝ նշած է քաղաքապետը:

Այնուամենայնիւ, Ալֆորվիլի մէջ կը պատրաստւին ստորագրել հռչակագիրը, որուն տեսակապի միջոցով ներկայ պիտի ըլլան նաեւ  Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան:

Մօտ ապագային կը նախատեսւի Ալֆորւիլի պատւիրակութեան այցը Բերձոր: