Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Սուրիոյ Հայ օգնութեան հիմնադրամը (SARF) 21 Փետրուար 2016ին Լոս Անճելըսի մէջ պիտի կազմակերպէ թելեթոն մը՝ «Փրկիր կեանք» խորագիրով:

Թելեթոնին նպատակն է սուրիական ճգնաժամի արդէն 5րդ տարին, օգնութեան ձեռք մեկնել Սուրիոյ մէջ բնակող հայերուն եւ անոնց համար յոյսի փոքր շող ստեղծել:

Սուրիական 5 տարուան հակամարտութեան ընթացքին կը շարունակուին կործանիլ քաղաքներ ու գիւղեր, տուները կը հաւասարեցուին հողին, ընտանիքները կը մասնատուին, եւ որ ամէնէն ցաւալին է, արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի, եւ անմեղ կեանքեր զոհ կʼերթան բռնութեան: Հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ զրկուած են հիմնական կարիքներէն՝ ջուր, սնունդ, տանիք ու ջերմութիւն: Բարբարոսութիւնը Սուրիոյ մէջ ապրող հայերը եւս բաւական ծանր վիճակի մատնուած են: Հայկական սփիւռքի հնագոյն գաղութներէն Հալէպը վերածուած է դատարկուած ուրուական քաղաքի: Բայց եւ այնպէս անմարդկայնութեան ականատես ըլլալով, մենք աւելի կʼամրապնդենք մեր մարդկային յատկանիշները եւ կարիքի մէջ գտնուող անձերուն օգնելու յանձնառութիւնը: Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ամէն վայրկեան զոհուելու սեմին կը գտնուին, այդուհանդերձ, տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել», նշուած է Սուրիոյ Հայ օգնութեան հիմնադրամին յայտարարութեան մէջ։

Աւարտին կոչ կʼուղղուի բոլորին՝ մասնակցելու «Կեանք փրկէ»  հեռուստամարաթոնին եւ նպաստելու ապահովման Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն ամենատարրական կարիքներուն, ինչպէս՝ կտոր մը հաց, ջուր կամ տաք հագուստ: