Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ֆրանսայի նախագահ ընտրուելու պարագային «Ազգային ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Մարին լը Փեն պիտի շարունակէ յիշատակել 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ Այս մասին լը Փեն նշած է Nouvelles d’Armenie-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:

«Աւելին, 1915-ին բազմաթիւ հայերու ժամանումը Ֆրանսա կարեւոր իրադարձութիւն էր մեր երկրի պատմութեան մէջ, քանի որ անոնք մեծ ներդրում ունեցան նաեւ Առաջին Համաշխարհային պատերազմէն ետք մեր երկրի վերակառուցման գործին եւ կատարեալ կերպով համարկուած»,- ընդգծած է լը Փեն:

«Ազգային ճակատ»-ի առաջնորդը, սակայն, կը կարծէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը պէտք չէ ընդգրկուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան պաշտօնական օրացոյցին մէջ, քանի որ նման օրերը պէտք է առնչուին միայն ֆրանսացիներու հաւաքական յիշողութեան մէջ: Միաժամանակ, լը Փեն կարեւոր կը համարէ հայերու վերապրած ողբերգութեան յիշողութեան պահպանումը:

«Կարեւոր է նաեւ, որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ճանչցուի աշխարհի բոլոր երկիրներուն կողմէ, իսկ Թուրքիան ի վերջոյ պէտք է սկսի լրջօրէն վերանայելու իր պատմութեան այդ ահաւոր էջը: Ֆրանսան պէտք է անպայման աջակցութիւն ցուցաբերէ ճանաչման այս պայքարին՝ ինչպէս մարդու իրաւունքներու հայրենիքի իր կարգավիճակի պատճառով, այնպէս ալ յանուն այն մեծաթիւ հայերու, որոնք ապաստան գտան այստեղ եւ յաջողութեամբ համարկուեցան»,- ընդգծած է Մարին լը Փեն:

Ան նաեւ մեծապէս կարեւորած է Ֆրանսայի հայ համայնքին դերը, թէեւ իրեն «հաճելի չի թուիր համայնք արտայայտութիւնը»: «Ես կ՛ողջունեմ բոլոր այն ֆրանսացիները, որոնք այսքան լաւ ընդելուզուած են եւ իրենց ներդրումը ունին ամենատարբեր ոլորտներու մէջ ինչպէս օրինակ մշակոյթի, գիտութեան եւ նոյնիսկ քաղաքականութեան: Անոնք ինծի համար կատարեալ օրինակն են անոր, ինչի մասին ես բազմիցս խօսած եմ` ֆրանսացի ազգութիւնը կը ժառանգեն կամ ատոր կ՛արժանանան»,- շեշտած է «Ազգային ճակատ»-ի առաջնորդը:

Մարին լը Փեն յստակօրէն դէմ է Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան: Ան յիշեցուցած է, որ «Ազգայն ճակատ»-էն ընտրուած եւրոպատգամաւորները մշտապէս դէմ քուէարկած են Թուրքիոյ հետ ԵՄ-ի բանակցութիւններուն մէջ նոր գլուխներու բացման:

Ֆրանսայի նախագահի թեկնածուն Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ցանկալի կը համարէ այն լուծումը, որ հնարաւորութիւն կու տայ Ղարաբաղին վերամիաւորուելու Հայաստանի հետ:

«ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք վարչական սահմանները արագօրէն եւ առանց վերաիմաստաւորման դարձան միջազգային սահմաններ, սակայն, անկախութենէն ետք աւելի ցանկալի պիտի ըլլար, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հասնէին այնպիսի համաձայնութեան, որ թոյլ կու տար Լեռնային Ղարաբաղին վերամիաւորուիլ Հայաստանի հետ»,- նշած է ան: