Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամներէ կազմուած Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբը պիտի կազմակերպէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ Թուրքիոյ հասարակութեան ներգրաւուածութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով մը, որուն պիտի մասնակցին Թուրքիայէն քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:

«Նուվել տ՛Արմէնի»ն այս առթիւ կը գրէ, թէ Յունուար 20ին կայանալիք սոյն խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին յայտնի քաղաքագէտ, սիւնակագիր Ճենկիզ Աքթար, իրաւապաշտպան Այշէ Կիւնայսու, տնտեսագէտ Ահմետ Ինսել եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան: