Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, Գոհաբանութեան օրը, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի 22րդ տարեկան թելեթոնը պիտի հեռարձակուի առաւօտուան ժամը 10էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8: Առաջին չորս ժամերը պիտի սփռուին Երեւանէն:

«Ես իմ անուշ Հայաստանի» նշանաբանով այս տարուան դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի, ինչպէս նաեւ Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի շրջաններուն մէջ ոռոգման ժամանակակից ցանցեր ստեղծելու, ըմպելի ջուր մատակարարելու եւ արեւային ուժանիւթ կիրարկելու ծրագիրներու իրականացման: Այս նախագիծերը կը բարելաւեն մեր հայրենակիցներու կեանքը՝ ապահովելով կանոնաւոր ու մաքուր ջրամատակարարում, անվճար ջեռուցում եւ ելեկտրականութիւն, ինչպէս նաեւ կը խթանեն գիւղատնտեսական ոլորտն ու բազմաթիւ աշխատատեղեր կը ստեղծեն:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Ազգային վարչութիւնը այս տարի եւս կոչ կ՛ուղղեն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին՝ լիաբուռն մասնակից դառնալու այս ազգանուէր գործին՝ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կեանքը աւելի եւս հեզասահ դարձնելու նպատակով: Սրբազան հայրը իր կոչը պիտի ուղղէ թելեթոնի ընթացքին, իսկ Ազգային վարժարաններու աշակերտները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին, նաեւ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն: