Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) Twitter-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան գաղտնազերծուած հաշուետւութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ:

1988-ի՝ «Կովկասեան յուզումներ եւ ազգայնականութեան սպառնալիք»  անուանումով փաստաթուղթին մէջ կը խօսուի Ղարաբաղի մէջ միջցեղական խնդիրին մասին:

«1920-ական թուականներուն հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը Ատրպէյճանին շարունակական,  սակայն ճնշուած հիասթափութեան աղբիւր դարձաւ հայերու համար»,-  նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ նշուած է,  որ Ատրպէյճանի երիտասարդ բնակչութեան թիւի արագ աճը յանգեցուց երիտասարդ հանրապետութեան` երկրի առջեւ ծառացած կրթական,  հասարակական խնդիրները լուծելու անկարողութեան. այս ալ յանգեցուց բնակչութեան դժգոհութեան, որ սկսաւ արտայայտուիլ հայ բնակչութեան դէմ կատարուած յարձակումներով:

Գաղտնազերծուած փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը նշուի,  որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ստեղծուած է 1923-ին հայերու բնակավայրին մէջ,  ուր հայերը կազմած են մարզի բնակչութեան 89 տոկոսը: