
Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Այսու կ'ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր որդեգրած աւանդութեան համաձայն, յառաջիկայ տարին՝ 2020-ը հռչակեց յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի:
Հաշմանդամներու նուիրուած Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի կարդացուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 12 Յունուարին, յընթացս Սուրբ եւ անմահ պատարագին. եւ ապա՝ մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը 2003-էն ի վեր իւրաքանչիւր տարի մեր ժողովուրդի կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող արժէք մը կամ երեւոյթ մը լուսարձակի տակ բերած է: Նորին Սրբութեան պատգամի լոյսին տակ այդ թեմաները ամբողջ տարուան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձած են մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային կառոյցներու ու միութիւններու կազմակերպած ձեռնարկներով: Առ ի յիշեցում, անցնող 16 տարիներու հռչակումները.-
	
	«2003-ը՝ Աստուածաշունչի Տարի»
	«2004-ը՝ Հայ Ընտանիքի Տարի»
	«2005-ը՝ Ազգային Պահանջատիրութեան Տարի»
	«2006-ը՝ Հայ Դպրոցի Տարի»
	«2007-ը՝ Հայ Լեզուի Տարի»
	«2008-ը՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Տարի»
	«2009-ը՝ Երիտասարդութեան Տարի»
	«2010-ը՝ Հայ Կնոջ Տարի»
	«2011-ը՝ Հայ Մանուկի Տարի»
	«2012-ը՝ Հայ Գիրքի Տարի»
	«2013-ը՝ Հայ Մօր Տարի»
	«2014-ը՝ Տարեցներու Տարի»
	«2015-ը՝ 100-ամեակ Հայոց Ցեղասպանութեան (Կոնդակ)»
	«2016-ը՝ Ծառայութեան Տարի»
	«2017-ը՝ Վերանորոգման Տարի»
	«2018-ը՝ 100-ամեակ Հայաստանի Հանրապետութեան»
	«2019-ը՝ Հայ Մամուլի Տարի»
	«2020-ը՝ Յատուկ Խնամքի Կարօտ (Հաշմանդամներու) Հայորդիներու Տարի»
 
							