«ԱՐՑԱԽԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԾՆՈ՛ՒՆԴՆ Է ԱՐՑԱԽԻՆ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Բարբարոս Ազրպէյճանի կողմէ շուրջ ութ ամիսներէ ի վեր շրջափակման մէջ գտնուող Արցախը կը դիմագրաւէ սննդեղէնի, դեղորայքի եւ մարդկային տարրական պահանջներու լուրջ դժուարութիւններ։ Սփիւռքի մեր հայորդիները, կազմակերպութիւնները եւ եկեղեցին լծուած են արցախահայութեան ինքնիշխանութիւնն ու ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու ու պահպանելու աշխատանքներուն։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 25 Յուլիս 2023-ի երեկոյեան, Երեւանի Ազատութեան եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակներուն վրայ տեղի ունեցան ժողովրդական հանրահաւաքներ՝ Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով:

Այս հանրահաւաքներուն իր Հայրապետական զօրակցական պատգամը յղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Ան իր պատգամը սկսաւ՝ յատկապէս Արցախի եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին վստահեցնելով, թէ մենք, որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն, մեր Միաբանութեամբ, աշխարհասփիւռ թեմերով, կառոյցներով ու կազմակերպութիւններով, այլ խօսքով ողջ Սփիւռքը արցախահայութեան հետ է։ Արցախը այսօր կ՚ապրի մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական օրերը։ Այս կացութեան դիմաց մենք պէտք է մեր հաւատքը ու կամքը աւելի ամրապնդենք եւ Արցախի ապագային նկատմամբ մեր տեսլականը պահենք միշտ պայծառ, ըսաւ Հայրապետը։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ անցեալին Արցախը մե՛րը եղած է. այսօր Արցախը մե՛րն է եւ վստահեցուց, որ Արցախը մի՛շտ պիտի մնայ մերը, որովհետեւ մեր ողջ պատմութեան ընթացքին, արցախահայութիւնը եղած է Արցախի մէջ եւ իր քրտինքը միախառնած է Արցախի հողին։

Նորին Ս. Օծութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց հետեւեալ երեք կէտերը.-

ա) Պատմութիւնը կը վկայէ, որ Արցախը միշտ եղած է ինքնավար։ Արցախի մեր ժողովուրդը եկուոր չէ՛։ Ան ծնո՛ւնդն է Արցախին։ Պատմութեան ընթացքին Արցախը երբեք ենթակայ չէ եղած այլ իշխանութիւններու, այլ եղած է ինքնավար. եւ չմոռնանք, երբ Սովետական Միութիւնը վերջ գտաւ, Արցախը պահեց ու այսօր եւս պէտք է պահէ իր ինքնորոշման իրաւունքը։

բ) Միջազգային օրէնքներուն համաձայն, ժողովո՛ւրդն է իր ապագան ճշդողը։ Ժողովուրդի մը ինքնիշխանութիւնը, ինքնավարութիւնը միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւունքներու ամէնէն հիմնական սկզբունքներէն մէկն է։

գ) Արցախը չի կրնար շրջանի համապարփակ, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան զոհը դառնալ։ Արցախի ինքնավարութեան իրաւունքը չի կրնար միջազգային դիւանագիտական սեղաններու շուրջ քննարկումի նիւթ դառնալ։ Արցախը եղած է ինքնավար. այսօր է՛ ինքնավար եւ միշտ պիտի մնայ այդպիսին, որովհետեւ ա՛յս է Արցախի մեր ժողովուրդին կամքը եւ իրաւունքը։ Ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքը, ազատութիւնը Աստուածատուր է եւ ո՛չ ոք իրաւունքը ունի զայն խլելու ժողովուրդի մը ձեռքէն։

Իր պատգամի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը արթնութեան ու զգաստութեան կոչ ուղղեց արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան. «Զարթի՛ր, Արցախի ժողովուրդ, մի՛ վհատիր, մի՛ նահանջեր, մեր ազգը ամբողջ քեզի հետ է՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, որովհետեւ Արցախը մե՛նք ենք, բոլորս։ Արցախին իրաւունքը ողջ հայութեան իրաւունքն է եւ անոր պաշտպանութիւնը իւրաքանչիւր հայու պարտաւորութիւնն է։

«Զարթի՛ր, Արցախի ժողովուրդ, եղիր ամուր, եղիր միշտ հզօր, պատնէշի վրայ եւ եղիր քու իրաւունքներուդ, մեր ազգի իրաւունքներուն հզօր պահապանը ու պաշտպանը»։

Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրաձնելով Ամենակալին, որ Արցախը Իր երկնային հզօրութեամբ ու օրհնութեամբ միշտ պահէ հզօր ու անսասան։