Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com

 

Խորհրդարանի արտաքին հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ապտել Լաթիֆ Զէյն խորհրդարանին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանին մէջ հայութեան ներկայացուցիչ Կարէն Խանլարեանը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի եւ այլ պատասխանատուներու:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Խանլարեան յայտնեց, որ ինք Լիբանան կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրաւէրով` աւելցնելով, որ իբրեւ իրանահայեր իրենք տարիներ շարունակ ապրած են իսլամական կրօնին հետ, որ իր էութեան մէջ ոչ մէկ ձեւով կապուած է ահաբեկչութեան: «Ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ հաւատադրժողական շարժումներուն վարուելակերպը իսլամութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի», ըսաւ Խանլարեան:

Կ. Խանլարեան խստիւ դատապարտեց Լիպիոյ մէջ ղպտիներուն, Հասաքէի ասորիներուն եւ զանազան շրջաններու մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած սպանդները` հաստատելով, որ այդ վայրագութիւնները իսլամութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին, այլ` կը հետապնդեն շրջանը թիրախ դարձնող քաղաքական նպատակներ:

Ան ահաբեկչութեան դէմ պայքարը անհրաժեշտ նկատեց` շեշտելով, որ այդ խաւարամտութեան դէմ պայքարիլը իր կարգին պիտի ենթադրէ մարդկային մեծ ճիգեր եւ պարկեշտ վերաբերմունք` վերջ տալու համար ահաբեկչական այդ ուժերուն ընթացքին: