Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Խառն մենամարտի Հայաստանի «Արմֆայթինկ» դաշնակցութեան արհեստավարժ մարզիկ Կարինէ Կարապետեան, Թիֆլիսի մէջ մասնակցեցաւ միջազգային մրցաշարքի մը ու յաղթանակ արձանագրեց ատրպէյճանցի Ռենա Սաֆարովայի դէմ։ Վերջինս քոյրն է մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի, որ 2004ին Հունգարիոյ մէջ դաժանաբար սպաննեց հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը։

Այս յաղթանակէն ետք, Կարինէ Կարապետեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ հրապարակեց յաղթանակի լուսանկարը ու մակագրեց հետեւեալը. «Յաղթանակս կը նուիրեմ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին»։

Յիշեցնենք, որ Ռամիլ Սաֆարով Փետրուար 2004ին, ՆԱԹՕի դասընթացքներու օրերուն, դաժանաբար կացինահարած էր Գուրգէն Մարգարեանը։ Ան հունգարական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան՝ առանց ներումի իրաւունքի։ Սակայն, 31 Օգոստոս 2012ին, Սաֆարով վերադարձուեցաւ Ատրպէյճանին, ուր անմիջապէս արժանացաւ ներումի եւ հերոսի բարձր կոչումի՝ ստանալով 8 տարուան աշխատավարձք։ Նոյն օրը, պաշտօնական Երեւանը կասեցուց Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները։