Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Ճարտարապետութեան թրքական թանգարանին մէջ բացուած է օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերու կողմէ կառուցուած շինութիւններու առցանց ցուցադրութիւն, կը հաղորդէ armedia.am-ը:

«Հայ ճարտարապետները ակնառու դեր խաղացած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ դղեակներու եւ պետական մարմիններու շէնքերու կառուցման մէջ: Կայսրութեան ճարտարապետներու միութիւնը, որ ղեկավարած է այդպիսի շինարարական նախագիծեր, ուր միշտ ներառուած են հայ ճարտարապետները», –կ՛ըսուի ցուցադրութեան նկարագրութեան մէջ:

Թանգարանի կայքին մէջ կը պատմուի Պալեան գերդաստանի մասին, որուն 5 սերունդեր նախագծած եւ կառուցած են բազմաթիւ խոշոր շինութիւններ Կ․Պոլսոյ մէջ: Պալեան ընտանիքին կողմէ կառուցուած ամենախոշոր շինութիւնը Տոլմապահչէն է, որ կը համարուի 19-րդ դարու աշխարհի լաւագոյն ապարանքներէն մէկը:

Թանգարանի կայքին մէջ կը նշուի նաեւ, որ 16-րդ դարուն գլխաւոր օսմանեան ճարտարապետը եւ ճարտարագէտ-շինարարը հայկական ծագում ունեցող Միմար Սինան է: