Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Նախաքրիստոնէական շրջանին, Նոր Տարին հայկական տոմարի առաջին ամսուան անունով կոչուած էր «Նաւասարդ», որ կազմուած է Նաւա (=Նոր) եւ Սարիթա (=Տարի) բառերով եւ կը տօնուէր 1-6 Օգոստոսին, իբրեւ հունձքի, բերքի հասունութեան եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն:

Արեւմուտքի մէջ, Յունուար 1-ը, իբրեւ նոր տարուան առաջին օրը, ընդունելութիւն գտած է ԺԴ. դարու վերջաւորութեան, իսկ Հայաստանի մէջ, հաւանաբար ընդհանրացած է 1650-ական թուականներուն: Այդ թուականներուն՝ հայերը՝ հետեւելով Հռոմէացիներու Նոր Տարին Յիսուսի ծննդեան տօնի հետ կապելուն, սկսած են Ամանորը Յունուար 1-ին տօնել:

Աւելի ուշ, Հայաստանի մէջ, ընդհանրացած է Ամանորի նոր անունը եւ կոչուած՝ ”Կաղանդ”, որ կը նշանակէ “կանչել= կոչել” ամսուան մուտքը: Կը տօնուէր մեծ հանդիսութեամբ, որուն կը մասնակցէին թագաւորներ, իշխաններ եւ ժողովուրդ. այդ առիթով կը կատարուէին խրախճանքներ, գուսանական թատերախաղեր, չաստուածներուն կը մատուցէին զոհեր, եւ այլն: