Ուրբաթ, 21 Յունուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ առցանց հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը թեմակալ առաջնորդները տեղեակ պահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերուն առնչուած ընդհանրական ծրագիրներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին: Ան յատկապէս շեշտեց «Սփիւռքի Տարի»ին առիթով գործնական նախաձեռնութիւններու դիմելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ 1 Յուլիսին Միւռոնօրհնէքին եւ 7-9 Դեկտեմբերին Ազգային Ընդհանուր Ժողովին գծով կատարուելիք նախապատրաստական աշխատանքներուն անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ կատարեց շարք մը յիշեցումներ Կաթողիկոսարան-թեմ յարաբերութեանց ու գործակցութեանց գծով: