Այս տարի 33-ամեակն է Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած ջարդերուն:
 Կիրակի, 28 Փետրուար 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն Սումկայիթի ջարդերուն զոհուած ու նահատակուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց.-
 «Յիշեցինք Սումկայիթի մեր զոհերը ու աղօթեցինք անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Արդարեւ, նոյն ցեղասպանն է, որ տարբեր պիտակներով (թուրք եւ ազերի) եւ տարբեր ժամանակներու (1895-6 Համիտեան ջարդերը, 1909 Ատանայի ջարդերը, 1915 Հայոց Ցեղասպանութիւնը, 1988 Սումկայիթի ջարդերը, 2020 Արցախի պատերազմը), իր արիւնաթաթախ սուրը ուղղած է, եւ տակաւին կրնայ ուղղել մեր ժողովուրդին դէմ։ Արդ, ըլլանք արթուն, միակամ, կազմակերպ ու զօրեղ։ Հաւատքով կռանուած մեր ժողովուրդին կամքը մեր հզօր վահանն է այն բոլոր փորձերուն դէմ, որոնց նպատակն է Հայաստանը տկարացնել, Արցախի անկախութիւնը մերժել, ցեղասպանութիւնը մոռացութեան դատապարտել եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը իրենց աշխարհաքաղաքական շահերուն ենթարկել։
 «Հետեւաբար, մեր հաւաքական Տունը՝ Հայաստանը, պէտք է կառուցենք Աւետարանին բացատրութեամբ այն տան նման, որ երբ «անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ 7.24-25)։