Նկատի առնելով վերջերս Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումները եւ մեր ժողովուրդին Արցախին հանդէպ ունեցած սէրն ու նախանձախնդրութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Արամ Ա.  Կաթողիկոս Հայրապետական գիրով 2021 տարին հռչակեց «ԱՐՑԱԽԻ ՏԱՐԻ»։

Առայդ, այս Կիրակի՝ 10 Յունուար 2021-ին, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր թեմերու եկեղեցիներէն ներս, պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը։