www.armenianorthodoxchurch.org

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, որուն աւարտին Նորին Ս. Օծութիւնը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած Հայրենիքին անսասանութեան ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ հայոց բանակին հզօրացման համար։ «Օրհնէ, ո՜վ Տէր, մեր Հայրենի երկիրը։ ...Դարերու ընթացքին անողոք թշնամին աւերակի վերածեց զայն, բայց այժմ, Քու ողորմութեամբդ եւ շնորհքի առատութեամբդ առաւել ծաղկեցուր Հայաստան աշխարհը։ ...Ժողովո՛ւրդ հայոց, Հայկի՛ որդիներ եւ մեր Ս. Եկեղեցւոյ զաւակներ, առէ՛ք ձեր հաւատքի զէնքերը, ձեր գլխուն դրէ՛ք յոյսի թագը եւ մեր Հայրենիքին ու իրարու հանդէպ ամբողջական սիրով առաջ երթանք՝ միաբերան երգելով.- Մեր Հայրենիք, ազատ անկախ, որ ապրել է դարէ դար, իւր որդիքը արդ կանչում է ազատ անկախ Հայաստան»։

Յիշենք, որ օրեր առաջ Վեհափառ Հայրապետը 21 Սեպտեմբերը յայտարարած էր «Աղօթքի Օր» եւ հայրական կոչ ուղղած էր մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն աղօթելու մեր Հայրենիքին եւ իրենց արեան գնով զայն պաշտպանող հայկական բանակի քաջարի զինուորներուն համար։ Ստորեւ Նորին Ս. Օծութեան հայրական կոչը.-

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, հեռու ամէն տեսակ տօնախմբութիւններէ ու ցուցական երեւոյթներէ, իւրաքանչիւր հայու համար հարկ է դառնայ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ:

Արդ, եկէք, սիրելի հայորդիներ, անհատաբար թէ հաւաքաբար, իւրաքանչիւրս իր վայրին մէջ եւ իր եղանակով աղօթենք՝

Աղօթենք, մեր զոհուած նահատակ զինուորներուն եւ ազգակիցներուն հոգիներու խաղաղութեան համար:

Աղօթենք, վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութեան պահպանման համար:

Աղօթենք, Հայաստանի ու Արցախի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ամրացման համար:

Աղօթենք, հայոց աշխարհի պաշտպանութեան լծուած հայոց բանակին հզօրութեան համար:

Աղօթենք, հայ ժողովուրդի միասնականութեան ամրապնդման համար:

Հաւատքով զսպանակուած ու յոյսով շաղախուած աղօթքի ճամբով Աստուած ներկայութիւն կը դառնայ մեր կեանքին մէջ, մենք Աստուծոյ հետ կ՚ըլլանք եւ Աստուած՝ մեզի հետ: Եւ երբ Աստուած մեզի հետ է, Դաւիթ մարգարէի խօսքով՝ «ոչինչ կրնայ զիս սասանեցնել» (Սղ 16.8) եւ Պօղոս առաքեալին հաստատումով՝ «Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ» (Հռ 8.31):