Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն «Ֆաքս» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներու նկատմամբ իրականացուած բռնութիւններուն: Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է արտաքին գործոց նախարարութիւն, քննարկելու համար ստեղծուած իրավիճակը: Նախարարը տեղի ունեցածը անընդունելի համարած է:

«Արդէն իսկ հետաքննութիւն կ՛ընթանայ: Մենք պէտք է սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի բացայայտէ քննութիւնը: Մինչ այդ, մենք արդէն յայտնած ենք Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցածին վերաբերեալ մեր վրդովմունքը», ըսած է նախարարը:

Յիշեցնենք, որ ցուցարարներու վրայ յարձակումին ընթացքին Էրտողանի վերաբերմունքը նկարած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս Էրտողան ինքնաշարժին մէջ կը լսէ ցուցարարները, որոնք բարձրախօսներով կը բացագանչէին՝ «Մանկասպան Էրտողան»: Ապա, Էրտողանի կողքին կանգնած թիկնապահը, հրահանգներ ստանալով նախագահէն՝ կը հրահանգէ մէկ այլ թիկնապահի մը, որ իր կարգին վազելով կ՛իջնէ ցուցարարներուն մօտ եւ պոռալով՝ «զառկէ՛ք» կ՛ըսէ, որմէ ետք կը սկսի Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներուն յարձակումը խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Յարձակումէն ետք Էրտողան դուրս կու գայ ինքնաշարժէն եւ կը դիտէ կատարուածը։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը գրաւոր եւ բանաւոր բողոք փոխանցած է Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսին, որովհետեւ նշեալ յարձակումին ընթացքին թիկնապահներուն դէմ առնուած քայլերը «դիւանագիտական սկզբունքներէ դուրս են»: Անգարա կը շարունակէ պնդել, թէ թիկնապահները պարզապէս ինքնապաշտպանութեան դիմած են…