Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

24 Սեպտեմբեր 2016-ին Ս. Գէորգ քաջամարտիկ զօրավարի տօնին առթիւ, Հալէպի Նոր Գիւղի (Մէյտան) հայ Առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աղօթք: Այս մասին կը հաղորդէ “Բերիոյ նիւզ”-ը։

Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի եւ դպրաց դասի կարգ մը անդամներ գլխաւորութեամբ Տէր Խորէն քահանայ Պէրթիզլեանի եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Րաֆֆի Տէր Յակոբեանի այցելեցին Հալէպի Նոր Գիւղի հրոյ ճարակ դարձաց Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, որպէսզի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը՝ իրենց միջոցաւ կատարուի հազարաւոր հալէպահայ ուխտաւորներու փոխարէն ՝ մոմ վառեն, խունկ ծխեն եւ աղօթեն:

Տէր Խորէն քահանայի աղօթքներուն ու շարականներուն յուզումնալից ձայնով ընկերակցեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները: Մինչ Աստուծմէ խնդրելով, որ Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի խաղաղութիւն պարգեւէ, որպէսզի յաջորդ տարի Ս. Գէորգ քաջամարտիկ զօրավարի տօնին ուխտագնացութիւնը տեղի ունենայ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Նշենք, որ 2012 Հոկտեմբերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ Սուրբ Գէորգ եկեղեցին հրոյ ճարակ դարձաց էր: Հրկիզուած էր եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարները ու սրբազգեստները: Բաւական լուրջ վնասներ կրած էր նաեւ Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը՝ իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով։

Կարեւորութեամբ նշենք, որ յետ եղեռնեան շրջանի Հալէպի առաջին եկեղեցին եղած է Սուրբ Գէորգը: Հիմնուած 1923-ին, Սուլէյմանիյէ-Րամ շրջանի հայկական հիւղաւաններուն մէջ, առաջին հերթին, իբրեւ Սուրբ Խաչ եկեղեցի: 1936-ին, հիւղաւաններուն վերացումէն ետք, Նոր Գիւղ հայաւանի մէջ 1937-ին կառուցուած է Ս. Գէորգ եկեղեցին, որ թերաւարտ մնացած է մինչեւ 1955: Ապա, եկեղեցին հիմնականօրէն հայկական ոճով վերակառուցուած է եւ հանդիսաւոր օծումը տեղի ունեցած է 25-26 Սեպտեմբեր 1965-ին, ձեռամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի օրուան առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը գործէր Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանը, Կիրակնօրեայ դպրոցներու բաժինը: Ամէն տարի հանդիսաւորապէս կը նշուէր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Եկեղեցին ունի երեք խորաններ, վերնատուն, զանգակատուն եւ մկրտութեան աւազան: Զանգակատունը կառուցուած է 1985-ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ Սմբատ Էքիզեան եւ Կարպիս Կապոնեան ընտանիքներուն, մկրտութեան աւազանը` 1987-ին, բարերարութեամբ` հալէպահայ Նազար Նազարեանի, 1986-ին` Սուրբ Գէորգ Զօրավարի սրբանկարի խորանը, 1987-ին` Սուրբ Աստուածածնի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` հալէպահայ Ժան Տանկուրեանի, 1990-ին` Սուրբ Սարգիս Զօրավարի սրբանկարին խորանը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ Աստուրեանի:

Փետրուար 1990-ին, շրջափակի արեւելակողմը իրագործուած է Մարաշի Աղէտին նուիրուած Յուշարձան-որմնաքանդակը, բարերարութեամբ` ամերիկաբնակ Տէր եւ Տիկ. Աբրահամ Գութուճանեաններու, նախագիծ` հալէպահայ արուեստագէտ Վիգէն Պէրթիզեանի, իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի:

23 Ապրիլ, 1994-ին, դարձեալ շրջափակի արեւելակողմը, նախաձեռնութեամբ Զէյթունի Հայրենակցական Միութեան, իրագործուած է Զէյթունի նահատակներուն նուիրուած Յուշարձան-Որմնաքանդակը, նախագիծ եւ իրագործում` հայրենի արուեստագէտներ Մկրտչեան եղբայրներու, իսկ 20 Մայիս, 1998-ին, կանգնած է Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին, բարերարութեամբ` Լուսին եւ Գոհար Համալեան քոյրերու, ի յիշատակ իրենց եղբօր` Կարապետ Համալեանի: Անմիջապէս նշենք, թէ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի կիսանդրին արդէն քանդուած է: