Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քաջալերական կը գտնէ այն տեղեկութիւնը, թէ Լոս Անճելըսի «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութիւնը որոշած է խզել Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող կառավարական յարաբերութեանց «Կեփհարդ» հիմնարկին հետ յարաբերութիւնները՝ չեղեալ համարելով անոր հետ կնքած 845,000 տոլարնոց համաձայնագիրը։

Հիմնարկի հիմնադիրն է Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ մեծամասնութեան նախկին պետ Ռիչըրտ Կեփհարթ, որ դարձած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման գործիք մը՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց ձեռքին։ Այս պատճառվ, Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ տարի կոչ ըրած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիին, որ խզէ քաղաքին ու Կեփհարթի հիմնարկին միջեւ կապերը։

Նշենք, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող Լոս Անճելըսի «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութեան վարչութեան եօթը անդամներէն վեցը անցեալ տարի նշանակուած էին քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի կողմէ, իսկ անոնց նշանակումը վաւերացուած էր Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը նշէ, որ Ներկայացուցիչներու տան անդամ եղած տարիներուն, Կեփհարթ աշխատանք տարած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւերու վաւերացումի ապահովման ի նպաստ, սակայն Քոնկրեսէն հեռանալէն ետք, ան մեծ գումարներ ստացած է Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ ուրացման գործիք մը դառնալով։ Յովսէփեան ողջունած է Կեփհարթի հիմնարկին հետ կապերը խզելու «Համաշխարհային օդակայաններ» ընկերութեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը։

Կեփհարթի հիմնարկին դէմ աշխատանքը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ ի նպաստ լոպիական աշխատանք տանող շարք մը այլ հիմնարկներու դէմ սկսած Հայ Դատի «#FireDeniers» արշաւին։ Այս նպատակով, հարիւրաւոր հիմնարկներու եւ ընկերութեանց նամակներ յղուած են՝ պահանջելով անոնցմէ, որ կապերը խզեն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման համար աշխատանք տանող լոպիական հիմնարկներուն հետ։