Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Անցնող երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ։ Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան հետեւեալ նիւթերուն.-

1) Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշում։ Այս գծով զեկոյցներ տրուեցան նախ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն ու կատարուելիք աշխատանքներուն մասին, ազգային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ։ Ապա, իւրաքանչիւր Առաջնորդ իր թեմէն ներս տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն շուրջ տեղեկագիր ներկայացուց։ Կատարուեցաւ լայն քննարկում։ Վեհափառ Հայրապետը եզրակացնելով տրուած զեկոյցները ու կատարուած քննարկումները, շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- ա) 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն շրջագծէն ներս հարկ է առաջնահերթ կարեւորութիւն տալ մեր պահանջատիրութեան ու անոր քաղաքական ու իրաւական երեսներուն։ բ) Միասնական ոգիով ու համագաղութային մաշտապով հարկ է նշել 100-ամեակը, առանցքային կարեւորութիւն տալով Երեւանի մէջ յայտարարուած համահայկական Հռչակագրին։

2) Սրբադասում Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Վերջին մի քանի տարիներուն այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանք տարուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նշանակուած խառն յանձնախումբի մը կողմէ։ Ժողովականները տեղեակ դարձան ցարդ կատարուած աշխատանքներուն ու ողջունեցին այդ յոյժ կարեւոր քայլը Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ առնուած։ Անոնք նաեւ տեղեակ դարձան 23 Ապրիլին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ երկու Աթոռներու եպիսկոպոսներուն, տեղի ունենալիք սրբադասման արարողութեան, որուն մեր ժողովուրդի զաւակները, Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ, հեռատեսիլի ճամբով առիթը պիտի ունենան մօտէն հետեւելու։

3) Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական յարաբերութիւններ։ Յիշեալ բնագաւառներէն ներս անցնող ամիսներուն կատարուած աշխատանքներուն մասին ժողովականներ լայն զեկոյց մը լսեցին։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը ժողովականներու ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը քրիստոնէական աշխարհի կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է։ Հակառակ այս ծիրէն ներս վերջին շրջանին տեղի ունեցած զգալի նահանջին, անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցին իր պատմութենէն ժառանգած չափաւորական մօտեցումով եւ դրական կեցուածքով շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել միջ-եկեղեցական շարժումին։ բ) Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը ընդհանրապէս եւ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութիւնը մասնաւորաբար ստացած է առաջնահերթ կարեւորութիւն վերջին տարիներուն տեղի ունեցող անցուդարձերու լոյսին տակ։ Հետեւաբար, մեր եկեղեցին մասնակից պէտք է դառնայ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը դատապարտեն ծայրայեղականութիւնը ու կը քաջալերեն քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը։

4) Միւռոնօրհնէք եւ յարակից ձեռնարկներ։ Ժողովականները տեղեակ դարձան, թէ Շաբաթ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու վերածնունդը խորհրդանշող յուշարձանին շուրջ։ Այս առիթով նաեւ ծրագրուած են հետեւեալ հանդիսութիւնները.- նոյն օրը առաւօտեան Թռչնոց Բոյնի մէջ Ցեղասպանութեան ու Որբերու Թանգարանի բացում. յաջորդ օրը, Կիրակի՝ Անթիլիասի Նահատակաց յուշարձան մատրան շուրջ միջ-եկեղեցական արարողութիւն. նոյն օրը երեկոյեան՝ մշակութային ձեռնարկ, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։ Յիշեալ ձեռնարկներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրուին յառաջիկային։ Առաջնորդ Սրբազանները յայտնեցին, որ այս առիթով իրենց թեմերէն ներս ուխտագնացութիւնները սկսած են կազմակերպուիլ դէպի Անթիլիաս։

5) Դպրեվանք։ Դպրեվանքի Տեսուչ Հայր Սուրբը տեղեակ պահեց ժողովականները Դպրեվանքի կրթական կեանքին, աշակերտութեան թիւին, կրթական մակարդակին, եւ ընդհանրապէս Դպրեվանքին հետ աղերս ունեցող շարք մը նախաձեռնութիւններուն ու իրագործումներուն մասին։ Ան նաեւ յայտնեց թէ շաբաթ մը առաջ Երեւանի մէջ Դպրեվանքի ու Երեւանի Համալսարանի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուած է։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց ներկաներուն, թէ Դպրեվանքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին առանցքն է. ան մեր հոգեւոր ու մտաւոր կազմաւորման դարբնոցն է։ Այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է զօրավիգ կանգնին Դպրեվանքի առաքելութեան։

6) Քրիստոնէական դաստիարակութիւն։ Այս բաժանմունքի պատասխանատու հայր սուրբերը զեկուցեցին իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին, որոնք կը ներառեն տիկիններու յատուկ դասախօսութիւններ ու սեմինարներ, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւններ, հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի եւ լսողաևտեսողական միջոցներու յատուկ յայտագիրներ, որոնց նպատակը թէ՛ մանուկներուն, թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն փոխանցել է մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքները։ Այս ծիրէն ներս նաեւ լայնօրէն քննարկուեցան Կիրակնօրեայ վարժարաններուն առնչուած աշխատանքներն ու ծրագիրները։ Անդրառնալով քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութեան, Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին յիշեցուց թէ՝ ա) Ան եկեղեցւոյ առաքելութեան հիմքը կը կազմէ եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան ուսուցողական ու ծառայական տարածքները պէտք է դառնան մնայուն ներկայութիւն մեր կեանքէն ներս, յատկապէս թեմական ու ծխական մակարդակներու վրայ։ բ) Աւանդական ծրագիրներէ անդին§ անհրաժեշտ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել լսատեսողական միջոցներու ճիշդ ու լայն օգտագործման։

7) Երիտասարդութիւն։ Ժողովականներ թէ՛ զեկոյցներու եւ թէ քննարկումներու ճամբով լայնօրէն անդրադարձան երիտասարդութեան առնչուած հարցերուն ու ծրագիրներուն։ Այս բնագաւառէն ներս կը գործեն Կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց Բաժանմունքը, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (ՀԵՀՈՄ) եւ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումը։ Ժողովականներ կարեւորութեամբ ընդգծեցին մեր երիտասարդները դէպի եկեղեցի, գաղութ եւ հայութիւն առաջնորդելու հրամայականը։ Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ՝ ա) Անհրաժեշտ է որ մեր կառոյցները ու ղեկավարները, վստահութիւն ներշնչեն երիտասարդներուն, մօտենան անոնց ու լսեն զիրենք։ բ) Անհրաժեշտ է նաեւ որ նոր մօտեցումներով երիտասարդութեան փոխանցել մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքները ու համախմբել զանոնք մեր կառոյցներուն շուրջ։

8) Շինարարական աշխատանքներ։ Կաթողիկոսարանի Կալուածոց Յանձնախումբը զեկուցեց վերջին ութ ամիսներուն իր կատարած աշխատանքներուն մասին։ Այս մարզէն ներս անդրադարձ եղաւ յատկապէս Պիքֆայայի վանքին մէջ կատարուած շինարարական կարեւոր իրագործումներուն (միաբանական շէնք, Նահատակաց խորան, շրջափակի ընդլանում, վանքի նոր մուտք, եւլն.) ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանէն ու Թռչնոց Բոյնէն ներս տեղի ունեցած շինարարական աշխատանքներուն։ Յանձնախումբը նաեւ զեկուցեց կալուածներու շահարկման առնչուած կարգ մը ծրագիրներուն մասին։ Ժողովականները ողջունեցին շինարարական կարեւոր իրագործումները, որոնք կատարուած են մեր բարերարներուն կողմէ։

9) Հանդիպումներ զանազան կառոյցներու խնամակալութեանց հետ։ Յաջորդաբար իրենց աշխատանքներուն մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Կաթողիկոսարանին առնչուած հետեւեալ հաստատութիւններու խնամակալութիւնները.- Ազգ. Ծերանոց, Թռչնոց Բոյն, Ազունիէին Ազգ. Բուժարան։ Տրուած զեկոյցներէն ի յայտ եկաւ, որ հակառակ յիշեալ կառոյցներու դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն, անոնք նուիրումով կը ծառայեն մեր ժողովուրդի զաւակներուն. Թռչնոց Բոյնը՝ մեր անտէր մանուկներուն, Ազգ. Ծերանոցը՝ մեր երէցներուն ու Ազունիէին Ազգ. Բուժարանը՝ բժշկական խնամքի կարօտ մեր զաւակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց յիշեալ կառոյցներու մարդասիրական աշխատանքը ու ընկերային ծառայութիւնը, յիշեցնելով, թէ ինչ որ կը կատարուի այս կառոյցներէն ներս անբաժան մասը կը կազմէ մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան։

10) Հայագիտական-Կրթական աշխատանքներ։ Այս աշխատանքներուն լծուած է Կաթողիկոսարանի Կրթական-հայագիտական բաժանմունքը։ Յիշեալ աշխատանքները կ՚ընդգրկեն Խաչիկ Պապիկեան ֆոնտին առնչուած կրթական-ուսումնական ծրագիրներ, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան լծուած յանձնաժողովի աշխատանքները եւ հայագիտական նիւթերու խտացեալ դասընթացքը։ Կրթական ու հայագիտական աշխատանքներուն մաս կը կազմէ նաեւ Կաթողիկոսարանէն ներս գործող ուսուցչաց պատրաստութեան յատուկ Մանկավարժական Կեդրոնը։ Տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում, որմէ ետք Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ յիշեցուց արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հրամայականը, ուսուցիչներու պատրաստութեան առաջնահերթութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր մշակութային արժէքներու տարածման անհրաժեշտութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմազան ու այլազան աշխատանքներու կարգին, պիտի շարունակէ յատուկ կարեւորութիւն ընծայել կրթական, մանկավարժական ու մշակութային մարզերուն։

11) Տնտեսական կացութիւն։ Կաթողիկոսարանի տնտեսական կացութեան մասին ժողովականներուն տրուած մանրամասն զեկոյցը եկաւ ցոյց տալու, թէ Կաթողիկոսարանը տնտեսական իմաստով հեռու է ինքնաբաւ ըլլալէ։ Կաթողիկոսարանի ընթացիկ պիւտճէն շուրջ երկու միլիոն տոլար է, որուն աւելի քան մէկ երրորդը բաց է։ Կաթողիկոսարանի պիւտճէին կարեւոր մասը կը յատկացուի Դպրեվանքին։ Կաթողիկոսարանը ունի նաեւ հրատարակչական ու կրթական հիմնադրամներ, որոնց եկամուտը կը յատկացուի նոյն նպատակներուն։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ այս փոքր պիւտճէով հսկայ աշխատանք կը կատարուի Կաթողիկոսարանին կողմէ։ Ան նաեւ յիշեցուց մեր թեմերուն, թէ անհրաժեշտ է յատուկ աշխատանք տանիլ Կաթողիկոսարանը ինքնաբաւ դարձնելու իմաստով։ Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց մեր բարերարներուն ու ազգայիններուն, որոնք կ՚օժանդակեն Կաթողիկոսարանի առաքելութեան առաւել ծաղկման։

12) Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը։ Այս մասին մանրամասն զեկոյց տրուեցաւ թեմակալ Առաջնորդին կողմէ։ Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնն ու թեմակալ Առաջնորդները իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով Սուրիոյ հայութեան, յանձնառու եղան շարունակելու իրենց մասնակցութիւնը բերել սուրիահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպումը ու վերականգնումը պէտք է մնայ առաջնահերթութիւն՝ համահայկական տարողութեամբ։ Թէ՛ Հայաստանի պետութիւնը եւ թէ մեր գաղութները զգացական արտայայտութիւններ ու մտահոգութիւններ պարզելէ անդին պէտք է գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին, յատկապէս իրենց նիւթական մասնակցութիւնը բերելով կարիքաւոր ընտանիքներուն, մեր դպրոցներուն ու մեր համայնքային կառոյցներուն։ բ) Մենք դէմ ենք Միջին Արեւելքէն մեր ժողովուրդի արտագաղթին։ Պէտք է յատուկ աշխատանք տանիլ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները կառչած մնան շրջանին։ Միջին Արեւելքէն ներս մեր ժողովուրդի կազմակերպ ներկայութիւնը կենսական է թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ մեր ժողովուրդի դատին համար։ գ) Մեր գնահատանքը ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք Սուրիոյ հայութեան, հոգեւոր Առաջնորդներուն, համայնքային ու կուսակցական պատասխանատուներուն, որոնք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով լծուած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան։ դ) Մենք նաեւ Մեր հայրապետական օրհնութիւնը, աղօթքը ու գնահատանքը կը փոխանցենք Սուրիոյ բոլոր շրջաններուն մէջ հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Հակառակ մեր ունեցած զանազան դժուարութիւններուն, պէտք է համախմբուիլ մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն շուրջ՝ միասնական ոգիով, վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները։

13) Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող դատ՝Թուրքիոյ դէմ։ Վեհափառ Հայրապետը ժողովականներուն անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց այս հարցի մասին։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին յաճախակի հանդիպումներ ունեցած է յիշեալ հարցին մասին միջազգային օրէնքի մասնագէտներուն հետ։ Վեհափառը Հայրապետը շեշտեց թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման ծրագիրներու շարքին յիշեալ դատը եզակի տեղ պիտի գրաւէ։ Դատին նպատակն է միջազգային կարծիքը հրաւիրել մեր կալուածներու վերադարձին ներկայացուցած յատուկ կարեւորութեան՝ հայոց ցեղասպանութեան հատուցման շրջագծէն ներս։ Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց այն ազգայիններուն, որոնք նիւթապէս զօրավիգ պիտի կանգնին այս յոյժ կարեւոր ծրագրի իրագործման եւ ըսաւ, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն դատը պիտի ներկայացուի Թուրքիոյ դատարանին։