Աղբիւր՝ www.yerakouyn.am

Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Նախարարը ծաղիկներ դրաւ անմար կրակին մօտ, որմէ ետք յիշատակի ծառուղիին մէջ տնկեց անուանական եղեւնի:

Ժան Ասելպոռնի աչքէն չվրիպեցաւ Արարատ լերան գեղեցիկ համայնապատկերը. ան լերան ֆոնին լուսանկարուելու ցանկութիւն յայտնեց:

Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութեան խորհրդարանը 2015-ի Մայիս 6-ին ընդունած բանաձեւով ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց եւ եւրոպական հարցերու նախարար Ժան Ասելպոռն երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան: Ան հանդիպում պիտի ունենայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ խորհրդարանի անդամներու հետ: Մարտ 27-ին նախատեսուած են ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Ժան Ասելպոռնի բանակցութիւնները, որոնց արդիւնքներով նախարարները հանդէս պիտի գան համատեղ մամուլի ասուլիսով: