Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թուրքիոյ մէջ պատրաստւած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կարաւան 1915» ֆիլմը Հոկտեմբեր 11-ին ետ քաշւեցաւ Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներէն։

Ֆիլմին բեմադրիչը՝ Իսմայիլ Կիւնեշ, նշած է, որ ֆիլմին ցուցադրութեան հարցով լուրջ ընդդիմութեան կը հանդիպի՝ աւելցնելով, որ տարբեր խնդիրներ դիմագրաւած է նաեւ ֆիլմին պատրաստութեան ընթացքին:

Կիւնեշ ըսած է, որ ֆիլմը 54 սրահներու մէջ ցուցադրելու համար նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերւած էր, ապա դժւարութեամբ կարելի եղած էր այդ թիւը հասցնել 84-ի, հակառակ անոր որ ջանք տարւած էր ֆիլմը ցուցադրելու առնւազն 300 սրահներու մէջ։

Ըստ բեմադրիչին՝ բուն խնդիրը թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական Հարցին մասին բացարձակ անտեղեակութիւնն է:

Միաժամանակ, թրքական «ga-zeteduvar.com.tr» կայքին վրայ հրատարակւած է յօդւած մը, որուն հեղինակը՝ Ազիզ Եաղան, կը նշէ, թէ այս ֆիլմը ցոյց կու տայ այդ ամէն ինչը, զոր թուրքերը երկար տարիներով կը փափաքին փոխանցել աշխարհին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ան կը գրէ, թէ ֆիլմին մէջ ցուցադրւած են լաւ հագած եւ ապահով պայմաններու մէջ՝ դէպի Հալէպ քալող հայեր, որոնք օսմանցի պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ են, բայց ապահովւած չեն ուտելիքով ու ջուրով:

«Ֆիլմը կը պնդէ, թէ այդ ամէն ինչը, որ հայերուն հետ տեղի ունեցաւ ճամբուն վրայ, տեղահանման որոշումը միամտաբար ստորագրած մարդկանց մեղքը չէ՛ր», կը գրէ Եաղան՝ աւելցնելով, որ ֆիլմէն նաեւ կարելի է եզրակացնել, թէ պետութիւնը այդ ժամանակ ի վիճակի չէր պաշտպանելու հայերը՝ գաղթի ճամբուն վրայ պատահած աւազակային յարձակումներէն, «թէեւ՝ այդ մէկը ընելու մեծ ցանկութիւն ունէր»:

Ըստ յօդւածագիրին՝ բուն խոչընդոտողը պատերազմական պայմաննե՛րն էին, որոնց պատճառով նման աւազակներու յարձակումին թիրախ դարձած էին բոլորը, նոյնի՛սկ պետական կառոյցները: «Ֆիլմին մէջ ցոյց տրւած են տեղահանութեան օրերուն կորսւած հայ կանանց կերպարներ, որոնք, ոչ թէ առեւանգւած են, այլ իրենց յօժար կամքով ապաստանած են իսլամ տղամարդկանց մօտ», եզրակացուցած է ան: