Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Շուէտի Թագաւորութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Քէննեթ Ֆորշլունդի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի, Փետրուար 7-ին ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

ՀՀ  Ազգային ժողովէն կը յայտնեն, որ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Սուրբ նահատակներուն յիշատակը:

Հիւրերը եղած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութիւնը հաւաստող վաւերագրերուն եւ լուսանկարներուն։