Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Գերմանիոյ «Դաշինք 90»-«Կանաչներ» կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր ըսած է, որ Պունտեսթակի կողմէ վաւերացուած եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը բեկանման ենթակայ չէ՛:

«Պունտեսթակը գրեթէ միաձայնութեամբ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ուրեմն, միայն Գերմանիոյ խորհրդարանը կրնայ այդ բանաձեւը տնօրինել», ըսած է ազգութեամբ թուրք գերմանացի խորհրդարանականը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը կը կիսէ այն տեսակէտները, որոնք ներկայացուած են բանաձեւին մէջ:

Օզտեմիր շեշտած է, որ բանաձեւին վաւերացումով, գերմանացի խորհրդարանականները փափաքած են ընդգծել, թէ ներկայ Գերմանիան նաեւ կ՛ընդունի Գերմանական կայսրութեան մեղքը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ:

«Երբե՛ք նպատակ չենք հետապնդած մեղադրել Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնները: Մենք յոյս ունինք, որ Թուրքիա պատրաստակամութիւն կը ցուցաբերէ քննարկումներ  կազմակերպելու այս գծով: Կարեւոր է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան զարգացնեն լաւ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ», նշած է ան:

Յիշեցնենք, որ Օզտեմիր «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին եւ 1916ին հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակին եւ դատապարտման մասին» բանաձեւին հեղինակն է: Բանաձեւը վաւերացուած էր այս տարուան Յունիս 2ին: