Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» («The Promise») ֆիլմին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 11ին, փառատօնի կալաերեկոներէն մէկուն ընթացքին։

Նշենք, որ ֆիլմին բեմադրութիւնը ստանձնած է «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճ, իսկ անոր գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար» մրցանակին, Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, եւ Շարլոթ Լը Պոն:

Ըստ ֆիլմի արտադրողներուն մօտիկ աղբիւրներու՝ ամերիկեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ֆիլմին ցուցադրութիւնը կրնայ սկսիլ Դեկտեմբերին:

Քրք Քրքորեանի հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերին նկարահանումը արդէն իսկ ամբողջացած է: Ֆիլմը պիտի ներկայացնէ սիրոյ եռանկիւնի մը իւրայատուկ պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն: