Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Բազմազաւակ ընտանիքներու բնակարանային պայմանները բարելաւելու նպատակով Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ` Քաշաթաղի շրջանին մէջ 2020-ին սկսած են 43 բազմազաւակ ընտանիքներու համար առանձնատուներու կառուցման աշխատանքները:

Այս  մասին՝ ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած  է Քաշաթաղի շրջկեդրոնի ղեկավարի օգնական Իննա Բաբայեան: Անոր խօսքով` վերջերս Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Արտիոմ Սարիբէկեանի` երկրի Նախագահ  Արայիկ  Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած են շրջանի ենթակառուցուածքներու զարգացման խնդիրները, որոնցմէ կարեւոր համարուած է բնակարանաշինութիւնը:

«Քաշաթաղի շրջանին մէջ ներկայիս կը բնակի 90-է աւելի բազմազաւակ ընտանիք: Այս տարի 23 ընտանիքի բնակարաններու շինարարութեան համար արդէն պատուիրուած են նախագիծեր եւ նախահաշիւներ: 20-ի համար տեխնիկական պայմանները ընթացքի մէջ են: Բազմազաւակ ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցելու ծրագիրով շրջանի համայնքներու մէջ կը կատարուի հողայատկացում, կ՛որոշուին ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման հարցերը: Շրջանի հիւսիսային թեւի Հակի եւ Սոնասարի գիւղական համայնքներու բազմազաւակ ընտանիքներուն համար նոյնպէս այս տարի բնակելի տուներ պիտի կառուցուին: Հակի մէջ հողայատկացում կատարուած է 3 բազմազաւակ ընտանիքի համար: Սոնասարի մէջ 6 երեխայ ունեցող 1 ընտանիքի համար տան կառուցումը պիտի աւարտ 3-4 ամիսէն: Նոյն  համայնքին մէջ 5 երեխաներ ունեցող 1 ընտանիքի եւս յատկացուած է հողատարածք, որու շինարարական գործընթացը պիտի սկսի շուտով»,-մանրամասնած է Բաբայեան: