Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Այս մասին Ֆրանսայի մէջ յայտարարեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ֆրանսահայ «Այբ» (AYP) ռատիօկայանի «Հայաստանը Այսօր» հաղորդաշարի եթերով:

Հայկակ Արշամեան Փարիզ կը գտնուի ամէնամեայ ֆոնեթոնին մեկնարկը ազդարարելու նպատակով:

«Համահայկական ուժերով Հայաստանը կրնանք դարձնել մեր երազանքներու երկիրը», յայտնեց Արմաշեան՝ աւելցնելով, որ շուտով պիտի աւարտին հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցող ստուգումները: «Ըստ նախնական տուեալներու՝ հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Հիմնադրամը կը շարունակէ գործել թափանցիկ: Նուիրրուած իւրաքանչիւր սենթ պիտի ուղղուի իր նպատակին»։

Խօսելով Հայաստան հիմնադրամի յետագայ ծրագիրերուն մասին՝ Արշամեան ըսաւ, որ հիմնադրամը պէտք չէ կեդրոնանայ միայն շինարարութեան վրայ: «Անշուշտ, շատ կարեւոր է ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Սակայն, ես կը փափաքիմ, որ հիմնադրամը նաեւ բովանդակային ծրագիրներ իրականացնէ: Մենք պէտք է Հայաստանը դարձնենք միտք արտադրող երկիր: Պէտք է զարկ տանք հիմնադրամի միջոցով նորարարութեան նոր բարձր արհեստագիտութիւններուն, մենք պէտք է զարկ տանք երկրի մշակոյթի ու արուեստներու զարգացման: Նաեւ մենք Հայաստան հիմնադրամի միջոցով պէտք է դարձնենք կանաչ ուժանիւթի երկիր», նշեց Արշամեան:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ մօտ ապագային Հայաստան աշխարհի մէջ կը դառնայ իւրայատուկ ցանցապետութիւն: Ատոր համար կայ Սփիւռքը. անհրաժեշտ է միայն ամրացնել կապերը:

Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած է ամէնամեայ ֆոնեթոնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 18 Նոյեմբեր: Ֆոնեթոն-2018ին մասնակցելու համար, Ֆրանսա մեկնած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ֆոնեթոնին հաւաքագրուած գումարները պիտի ուղղուին 2019ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն: