Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանի գլխաւորած պատւիրակութիւնը այցելած է «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի (ԱՏԳ) տարածք: Այս մասին կը տեղեկացնէ նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Նախարարը ՀՀ վաչապետի գլխաւոր խորհրդական Գագիկ Մարտիրոսեանի, ճարտարապետ-շինարարներու եւ գործարարներու հետ  ծանօթացած է «Մեղրի» ԱՏԳ-ի առաջին փուլի շինարարական աշխատանքներու ընթացին, առկայ խնդիրներուն` տեղւոյ վրայ տալով համապատասխան լուծումներ: Շինարարական աշխատանքները կը գտնւին աւարտական փուլի մէջ:

Այսպիսով, «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտիի առաջին փուլի բացումը կը նախատեսւի Դեկտեմբեր 15-ին: