Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Կիրակի, 4 Հոկտեմբեր 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս աղօթք բարձրացուց առ բարձրեալն Աստուած՝ ի զօրակցութիւն հայոց բանակին, որ արեան նահատակութեամբ կը պաշտպանէ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Նորին Սրբութիւնը խնդրեց Աստուծմէ, որ հեռու պահէ Հայաստանը, Արցախը ու ողջ հայութիւնը երեւելի ու աներեւոյթ թշնամիներէ, բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ հոգւոց խաղաղութիւն պատերազմին զոհուած հերոսներուն ու բոլոր հայորդիներուն:

Ապա, Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ՝ նահատակ զինուորներու ու հայորդինեդու հոգիներուն համար: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերէն ներս եւս կատարուեցաւ աղօթք՝ հայոց բանակին զօրակցութեան եւ հոգեհանգիստ՝ պատերազմի զոհ հայորդիներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Յայտնենք, որ Հայրապետը միջ-եկեղեցական շրջանակներու հետ կապեր հաստատեց՝ անոնց փոխանցելով Արցախի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին իրաւ պատկերը, թշնամիին սադրանքները, Թուրքիոյ ու ահաբեկիչներուն մասնակցութիւնը ազերիներու կողքին եւ մեր ժողովուրդին ազատ ու անկախ ապրելու Աստուածատուր իրաւունքը: Միջ-եկեղեցական կառոյցները, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդն ու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը դատապարտեցին ազերիական յարձակումները եւ քաղաքական բանակցութեան ճամբով հարցերը լուծելու կոչ ուղղեցին:

Յիշեցնենք, որ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր թեմերուն ու հայորդիներուն՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին ճամբով եւ այլ միջոցներով գործնապէս զօրավիգ կանգնելու հայոց բանակին: