Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

 

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգիսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2020-ին, իր նամակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձը: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը վերահաստատեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ վերանորոգ յանձնառութեամբ մասնակից դառնալ Հայաստանի պետականութիւնը ամրացնող եւ զայն դէպի առաւել բարգաւաճում ու ծաղկում առաջնորդող ծրագիրներու ու աշխատանքներուն:

Այսօր, Նորին Սրբութիւնը իր դիմատետրի պաշտօնական էջին մէջ հետեւեալ գրառումը կատարեց.- «Անկախութիւնը Աստուածատուր արժէք է եւ իրաւունք: Անհատի մը կամ ազգի մը անկախութեան իրաւունքը խլել մեղանչում է Աստուծոյ դէմ: Քրիստոս իր արիւնով ազատագրեց մարդը մեղքի ու չարի տիրապետութենէն: Անկախութիւնը որպէս երկնային պարգեւ հարկ է պահել անվթար ու անեղծ: Հայաստանի անկախութեան 29-րդ տարեդարձին նշումը իւրաքանչիւր հայու յիշեցում մըն է ու միաժամանակ հրաւէր հայրենիքի անկախութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ գործնապէս մասնակից դառնալու Հայաստանի առաւել հզօրացման աշխատանքներուն»: