Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով՝ Երեւանի մէջ եկող աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արւեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 – Ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագիրով ցուցահանդէսը: Սեպտեմբեր 25-Հոկտեմբեր 25 երկարող ժամանակահատուածին՝ ցուցադրութիւնը Երեւանի 7 տարբեր վայրերու մէջ պիտի ներկայացնէ աւելի քան 50 միջազգային արուեստագէտի աշխատանքները: Այս մասին, ըստ «Panorama.am»-ի, յայտնած են Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն:

Ցուցահանդէսը պիտի ըլլայ առաջինը, որ պիտի ներառէ ժամանակակից արուեստի տարբեր բաժիններ՝ նկարչութիւն, քանդակ, լուսանկարչութիւն, վիտէօ արուեստ՝ երկխօսութեան սկիզբ դառնալով աշխարհի տարբեր վայրերէ եկած արուեստագէտներու համար: Վերջիններս, ի դէպ, տեղւոյն վրայ պիտի ստեղծագործեն եւ տարբեր արուեստի հաստատութիւններու ուսանողներու համար աշխատաժողովներ իրականացնեն: Նախաձեռնութեան նպատակն է հնարաւորինս ընդլայնուիլ եւ ցոյց տալ անոր նշանակութիւնը մշակութային փոխանակման ծիրէն ներս: Այս իսկ պատճառով ներգրաւուած են քաղաքի ամենակարեւոր մշակութային կեդրոնները, ինչպէս՝ Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոնը (ՆՓԱԿ), Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանը, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը, ՀայԱրտ մշակութային կեդրոնը, Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնն ու Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը:

«ICAE2018»-ը նաեւ կը ներառէ «Ժամանակակից արուեստի բաց հնչիւններ» նախագիծը, որուն ծիրէն ներս արուեստագէտները կրնային առցանց ուղարկել իրենց աշխատանքները: Համադրողներու կողմէ ընտրուած գործերը պիտի ցուցադրուին Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ:

Աւելին, նախագիծի կրթական բաղադրիչին ծիրէն ներս՝ աշխատաժողովներ պիտի իրականացուին Հայաստանի առաջատար մշակութային կեդրոններու մէջ, ինչպէս ԹՈւՄՕ-ն, Փանոս Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի պետական քոլէճը, Հայաստանի գեղարուեստի ակադեմիան: Հանդիպումները պիտի վարեն արուեստագէտներ Ռոպերթօ Փուլեզէն, Ռոլանտ Էմիլ Գուիդը, Ապտուլայէ Տիառասուպան եւ Վիքթըր Էհիխամենորը:

Յատուկ ցուցահանդէսին համար պիտի կը տպուի երկու հատորէ բաղկացած անգլերէն գրքոյկ մը: