Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Իրանի մէջ, Հոկտեմբեր 13ին նախատեսուած «Ղարաբաղը իսլամական տարածք է» խորագիրով հակահայկական համաժողովը տեղի չէ ունեցած, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի համատեղ ջանքերուն շնորհիւ, կը հաղորդէ «Ա1+»ը:

Հայկական կողմը իր մտահոգութիւնները փոխանցեց Թեհրանին, որմէ ետք ձեռնարկը չեղեալ համարուեցաւ:

Համաժողովին պիտի մասնակցէին շարք մը երկրիներէ, ներառեալ՝ Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ Լիբանանի ծայրայեղ կրօնական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ՝ նպատակ ունենալով իսլամական աշխարհը համախմբել «Ղարաբաղի ազատագրման» գաղափարին շուրջ։