Աղբիւր՝ www.asbarez.com

Պուլկարիոյ ազգային գրադարանը կը պարունակէ Օսմանեան արխիւներու եւ փաստաթուղթերու աշխարհի ամենահարուստ հաւաքածոներէն մէկը՝ մօտաւորապէս 500 հազար արխիւային միաւորով եւ աւելի քան մէկ միլիոն փաստաթուղթով: Այս մասին կը հաղորդէ «Թուրքփրէս» արաբատառ կայքը:

Այդ արխիւները կը ներկայացնեն Օսմանեան կայսրութեան պատմական, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական փաստաթուղթեր, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան յարաբերութիւնները եւրոպական, ասիական եւ իր իշխանութեան ենթակայ երկիրներուն հետ, ինչպէս՝ Եմէնի, Հիճազի եւ Պաղեստինի: Այդ արխիւներուն մէջ տեղ գտած են տնտեսական փաստաթուղթեր, բանակային յատկացումներու եւ պետական հարցերու առնչուող վաւերագիրներ:

1877-1878 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, օսմանեան ուժերը Պուլկարիայէն քաշուելով՝ հոն ձգած են իրենց արխիւներէն մաս մը: Թէեւ, վերոնշեալ փաստաթուղթերուն մեծ մասը Պուլկարիոյ պետութիւնը ձեռք ձգած է թուղթի աճուրդի մը ընթացքին՝ 1931ին, երբ թրքական կառավարութիւնը վերամշակման համար չափազանց աժան գինով մեծ քանակութեամբ թուղթեր ծախու դրած էր:

Այն ժամանակուան Թուրքիոյ վարչապետ Իսմէթ Ինոնիու չէ բացայայտած, թէ վերամշակման միտումով աճուրդի դրուած թուղթերը Օսմանեան կայսրութեան արխիւային փաստաթուղթեր էին: Այս մէկը մաս կը կազմէր օսմանեան փաստաթուղթերէն ձերբազատուելու ընդհանուր ծրագիրի մը, որուն նպատակն էր ոչնչացնել օսմանեան անցեալին վերաբերող որեւէ փաստ:

Օրին ծախուած է մօտաւորապէս 50 թոն օսմանեան արխիւային փաստաթուղթեր, որոնց մէկ քլկ. թուղթի արժէգինը եղած էր 3 ղուրուշ:

Թուրք պատմաբան Ռեշիտ Քոնտոկոն «Եիկիտիա» պատմամշակութային պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածով նշած է, թէ Հայկական Հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան վերաբերող օսմանեան փաստաթուղթերը ծախուեցան Պուլկարիոյ՝ 1931ին: «Թուրք Թայմ» կայքը բացայայտած է նաեւ, որ Կալաթասարայի համալսարանէն շրջանաւարտ Փանչօ Տիւրէֆ, օրին ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայկական Հարցին եւ Պուլկարիոյ պատմութեան մասին՝ օգտուելով օսմանեան արխիւներէն, եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է առուծախի գործողութեան ընթացքին ու այդ արխիւները Պուլկարիա հասցնելու գործին մէջ։

Նաեւ, ֆրանսական «Լա Նուվել Օպզերվաթէօր» շաբաթաթերթը փոխանցած է, որ Վատիկանը Պուլկարիայէն գնած է հայերուն վերաբերող փաստաթուղթերուն մեծ մասը: Իսկ «Թիւրքիէ Կազեթեսի» թերթը, իր 1995ի Յունիսի թիւով լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ, որուն հեղինակն էր Նեճտեթ Օզվոթարի, նշած է, որ Վատիկանը 40 միլիոն պուլկարական լեւ վճարած է՝ վերոնշեալ փաստաթուղթերու գնման համար:

Փաստաթուղթերը կը նկատուին պատմութեան հիմքերը, պատմական դէպքերու մասին ականատեսներու վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ պատմաբաններու հումքը: Եթէ փաստաթուղթերը ոչնչանան, ապա պատմաբանները պիտի լռեն՝ կորսնցնելով այն փաստերը, որոնք կը հաստատեն իրենց տուեալները: