Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Տօնական օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ալ-Այն քաղաքին մէջ կայացաւ պատանեկան մրցաշար, որուն իրաւունք ունէին մասնակցելու մինչեւ 20 տարեկան շախմատիստները: Այս մասին կը յայտնէ Հայաստանի ճատրակի դաշնութեան պաշտօնական կայքը:

Մրցաշարին կը մասնակցէին 11 երկրի 143 շախմատիստ, որոնց մէջ էին երկու կրանմայսթըր եւ 6 միջազգային վարպետ: Առաջին անգամ իրականացուող պատանեկան մրցաշարի յաղթող դարձաւ Հայաստանը ներկայացնող միջազգային վարպետ Տիգրան Յարութիւնեանը, որ 9 հնարաւորէն վաստակեց 7.5 նիշ:

Մրցաշարին յաջող հանդէս եկան նաեւ Արթուր Դաւթեանը, Վահէ Դանիէլեանը եւ Յովհաննէս Յակոբեանը, որոնք վաստակեցան 7-ական նիշ եւ կիսեցին 3-10-րդ հորիզոնականները, իսկ լրացուցիչ ցուցանիշներու հաշուարկէն ետք՝ զբաղցուցին համապատասխանաբար 6-րդ, 7-րդ եւ 9-րդ հորիզոնականները:

Մեր 5-րդ ներկայացուցիչը` Սոնա Ասատրեանը, 6.5 նիշով յայտնուեցաւ 16-րդ հորիզոնականին: