Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփած է «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ» անուանակարգին մէջ 2017-ի քուէարկութեան արդիւնքները:

Հաւաքելով  190 նիշ` Հայաստանի 2017-ի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի աւագ, «Մանչեսթըր եւնայթըտ»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեանը, որ այդ պատուին արժանացաւ 8-րդ անգամ իր ասպարէզին մէջ եւ 7-րդ անգամ անընդմէջ, կը հաղորդէ “Երկիրմեդիա”-ն:

2017 թուականի ընթացքին Մխիթարեան նուաճած է Եւրոպա Լիկայի, Անգլիոյ լիկայի գաւաթները, ընդգրկուած է Եւրոպա Լիկայի խորհրդանշական հաւաքականի կազմին մէջ: Մխիթարեան այսօր ամենաճանչցուած հայերէն մէկն է աշխարհի մէջ: Համաշխարհային ամենահեղինակաւոր լրատուամիջոցները գրեթէ ամէն օր կ՛անդրադառնան Մխիթարեանին` նշելով նաեւ «Հայաստան» անունը, եւ այս առումով ահռելի է Մխիթարեանի աւանդը աշխարհի մէջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ճանաչելիութեան, ազգային արժէքներու հանրահռչակման գործին մէջ:

Ընդհանուր առմամբ, 39 քուէարկողներէն 38-ը Մխիթարեանի անունը նշած են առաջին տեղը: 35 միաւորով երկրորդ տեղը գրաւած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ մակեդոնական «Վարդար»-ի յարձակող Տիգրան Բարսեղեանը, որուն անունը 10 անգամ նշուած է երկրորդ, 5 անգամ` երրորդ տեղը: 25 միաւորով երրորդը ընտրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական «Ուրալ» խումբի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեանը, որուն անունը 7 անգամ նշուած է երկրորդ, 4 անգամ` երրորդ տեղը: