Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Սեպտեմբեր 29-ին «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի եւ «Արմտայվինկ սուզորդներու ակումբ»-ի ջանքերով Ոիիքիփետիա ազատ հանրագիտարանի լոկոն (logo) տեղադրւեցաւ  Սեւանայ լիճի յատակին, կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը:

2 մեթր բարձրութիւն եւ 2 մեթր լայնութիւն ունեցող այս լոկոն, որ կը համարւի ամենամեծը աշխարհի մէջ, պատրաստւած էր Հայաստանի մէջ` 2016 թւականի Օգոստոսին Դիլիջանի մէջ կայացած Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներու Ուիքիմետիա կազմակերպութիւններու եւ խումբերու ամենամեայ համաժողովին` Wikimedia CEE Meeting-ի համար:

Լոկոն փոքր կտորներէ բաղկացած անաւարտ երկրագունդ է, որու վրայ գրւած են խորհրդանշաններ (որոնց մէջ` հայերէն Վ տառը)` վերցւած տարբեր նշանային համակարգերէ: Կրաձոյլէ պատրաստւած լոկոն Սեւանի յատակին պիտի դառնայ արհեստական խութ:

Լոկոյի պատրաստման գաղափարը յղացած եւ իրականացւցած է «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի խորհուրդի անդամ Տիգրան Ազիզբեկեանը, որ նաեւ «Արմտայվինկ սուզորդներու ակումբ»-ի նախագահն է:

«Ուիքիմետիա Հայաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սուսաննա Մկրտչեանը կ՛ըսէ, որ այս նախաձեռնութիւնը խորհրդանշական իմաստ ունի: Լոկոն ջուրը իջեցնելէ առաջ Սուսաննան կը կատակէ` դիմելով իր գործընկերներուն. «Այսքան զարգացուցած ենք Ուիքիփետիան, հիմա կը փորձենք խորացնել»:

Ան կը նշէ, որ կարեւոր է ոչ միայն յօդւածներու քանակը, այլեւ ատոնց մէջ առկայ տեղեկատուութեան խորութիւնը: «Կ՛ուզենք, որ հայերէն Ուիքիփետիան օգտւողներուն տրամադրէ խոր եւ համապարփակ գիտելիքներ որեւէ թեմայի շուրջ: Եկէք միասին ստեղծենք այն գիտելիքը, որ մեզի պէտք է»,- կոչ ըրած է «Ուիքիմետիա Հայաստան»-ի նախագահը: