Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մաքսիմ Մանուկեան Երեքշաբթի, Օգոստոս 22ին հռչակուեցաւ աշխարհի ախոյեան, Փարիզի մէջ իր աւարտին հասնող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին։

80 քլկ. կշիռքի աւարտական մրցումին, Մաքսիմ Մանուկեան ճակատեցաւ այս տարուան Եւրոպայի փոխախոյեան Ռատիք Քուլիեւի դէմ, որ Պելոռուսը կը ներկայացնէ, սակայն  ազգութեամբ լեզկի է: Մաքսիմ 5-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց։

Այս յաղթանակով, Մաքսիմ Մանուկեան իր մարզական ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ աշխարհի ախոյեան:

Յիշեցնենք, որ Մանուկեան կիսաւարտականին տպաւորիչ այլ յաղթանակ մը ապահոված էր վրացի Զուրապի Տաթունաշվիլիի դէմ, 7-0 արդիւնքով, իսկ քառորդ աւարտականին 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Գերմանիոյ ներկայացուցիչ Փասքան Այզելէն:

30ամեայ Մաքսիմ Մանուկեանի մարզիչն է Ալեքսան Յովհաննիսեան: